ԴԱՆԻԷԼ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12


Գլուխ 3

Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը շինեց, անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վեց կանգուն։ Զանիկա Բաբելոնի գաւառը, Դուրա դաշտին մէջ կանգնեցուց։
2 Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրամայեց, որ կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները հաւաքեն, որպէս զի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին գան։
3 Այն ատեն կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին եկան ու Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած արձանին առջեւ կայնեցան։
4 Մունետիկը բարձրաձայն կը կանչէր. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կ’ըսուի.
5 ‘Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին առջեւ պիտի իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք’։
6 Ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի»։
7 Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժոովուրդները, ազգերն ու լեզուները ինկան եւ Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին երկրպագութիւն ըրին։
8 Այն ատեն քանի մը Քաղդէացի մարդիկ մօտեցան ու Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին
9 Եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր.
10 Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, հրաման ըրիր որ ամէն մարդ որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէ, իյնայ ու ոսկի արձանին երկրպագութիւն ընէ
11 Եւ ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուի։
12 Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան, որոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն դներ, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ»։
13 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր սրտմտութեամբ եւ բարկութեամբ հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բերեն, ուստի զանոնք թագաւորին առջեւ բերին։
14 Նաբուգոդոնոսոր անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր եւ իմ ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ։
15 Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալ ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընել, աղէկ. բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակին հնոցին մէջ պիտի նետուիք եւ ո՜վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։
16 Պատասխան տուին Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։
17 Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։
18 Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։
19 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ ու անոր երեսին երեւոյթը փոխուեցաւ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին վրայ եւ հրամայեց որ հնոցը սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն
20 Ու իր զօրքին մէջ եղող զօրաւոր մարդոցը հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կապեն ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։
21 Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներովը, բաճկոններովը, վերարկուներովն ու բոլոր հանդերձներովը կապեցին ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։
22 Թագաւորին հրամանը ստիպողական ըլլալուն ու հնոցին շատ տաք ըլլալուն համար Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը վերցնող մարդիկը կրակին բոցէն սպաննուեցան։
23 Բայց այս երեք մարդիկը՝ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը՝ կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։
24 Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ապշած՝ արտորնօք ոտքի ելաւ, իր խորհրդականներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին ըսին. «Այո՛, ո՛վ թագաւոր»։
25 Թագաւորը ըսաւ. «Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։
26 Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրանը մօտենալով՝ ըսաւ. «Ո՜վ Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հոս եկէ՛ք»։ Այն ատեն Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը կրակին մէջէն ելան։
27 Կուսակալները, նախարարները, կառավարիչներն ու թագաւորին խորհրդականները հաւաքուեցան եւ տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը ամենեւին ազդած չէր ու անոնց գլխուն մէկ մազը խանձած չէր ու անոնց անդրավարտիքները գոյներնին նետած չէին, անոնց վրայ կրակին հոտն անգամ չկար։
28 Նաբուգոդոնոսոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն։
29 Արդ՝ ես կը հրամայեմ որ ոեւէ ժողովուրդ, ազգ ու լեզու, որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։
30 Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը Բաբելոնի գաւառին մէջ։