ԴԱՆԻԷԼ
Գլուխ 9
Ասուերոսի որդին Դարեհ, որ Մարերու սերունդէն էր, Քաղդէացիներու պետութեան վրայ թագաւոր եղաւ։
2 Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը, որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները։
3 Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ
4 Եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի, խոստովանեցայ ու ըսի. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես,
5 Մենք մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն ըրինք եւ ապստամբեցանք ու քու պատուիրանքներէդ ու օրէնքներէդ խոտորեցանք
6 Եւ քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ խօսքին մտիկ չըրինք, որոնք մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն ու երկրին բոլոր ժողովուրդին քու անունովդ խօսեցան։
7 Ո՛վ Տէր, քեզի կը վայլէ արդարութիւն ու մեզի՝ երեսի ամօթ (ինչպէս այսօր եղաւ), Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու բոլոր մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր զանոնք քշեցիր անոնց քեզի դէմ ըրած յանցանքին համար։
8 Ո՛վ Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք։
9 Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք
10 Եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք, որ իր օրէնքներովը քալենք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով մեր առջեւ դրաւ։
11 Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին եւ քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի Անոր դէմ մեղք գործեցինք։
12 Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, որոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին նմանը բոլոր երկնքին տակ չեղաւ։
13 Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու եւ քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար՝ մեր Տէր Աստուծմէ ներում չխնդրեցինք։
14 Եւ Տէրը այս աղէտը պատրաստած էր ու զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Աստուածը իր բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք»։
15 «Ա՛րդ, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որ քու ժողովուրդդ զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր, քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ, մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք։
16 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր բարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ՛, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դարձուր, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմն ու քու ժողովուրդդ մեր բոլորտիքը եղողներէն նախատուեցան։
17 Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը լսէ ու քու սիրոյդ համար՝ քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր։
18 Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։
19 Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։
20 Ու երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի եւ իմ մեղքս ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի եւ իմ Աստուծոյս սուրբ լերանը համար իմ աղաչանքս իմ Տէր Աստուծոյս կը մատուցանէի,
21 Երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի, ահա այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս՝ Գաբրիէլը՝ շուտ մը թռչելով՝ ինծի դպաւ իրիկուան զոհին ատենը
22 Ու ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա եկայ որ քեզի իմաստութիւն պարգեւեմ։
23 Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ տրուեցաւ ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելին ես։ Ուրեմն պատգամը միտքդ պահէ՛ ու տեսիլքը հասկցի՛ր։
24 Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։
25 Եւ գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսունըերկու եօթնեակ կայ, մինչեւ նորէն հրապարակն ու պարիսպը շինուին նեղութեան ժամանկներու մէջ։
26 Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են։
27 Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ։ Ու աւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ՝ ՝, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։