ԴԱՆԻԷԼ
Գլուխ 10
Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար էր։ Այն խօսքը ճշմարիտ էր ու մեծ տառապանքի վրայով էր՝ ՝։ Անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ։
2 Այն օրերը ես՝ Դանիէլս՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի.
3 Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ ու բնաւ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լմնցաւ։
4 Առաջին ամսուան քսանըչորրորդ օրը ես Տիգրիս մեծ գետին եզերքն էի։
5 Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը տեսայ։
6 Անոր մարմինը ոսկեքարի պէս ու երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր։ Աչքերը կրակի բոցերու պէս եւ թեւերն ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնի նման էին։ Իր ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր։
7 Այս տեսիլքը միայն ես՝ Դանիէլս տեսայ։ Թէեւ ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, սակայն շատ վախցան ու փախան, որպէս զի պահուըտին։
8 Ես մինակ մնացի։ Իմ վրաս ոյժ չմնաց, իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ ու ա՛լ ոյժ չունեցայ։
9 Անոր խօսքերը լսեցի ու անոր ձայնը լսածիս պէս՝ թմրած երեսիս վրայ գետինը ինկայ։
10 Այն ատեն ինծի ձեռք մը դպաւ ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց։
11 Ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս լսէ՛ ու եղած տեղդ կայնէ՛, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Երբ անիկա այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։
12 Ան ինծի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր, որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու եւ քու Աստուծոյդ առջեւ քու անձդ խոնարհեցուցիր, քու խօսքերդ լսուեցան ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։
13 Բայց Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանըմէկ օր ընդդիմացաւ. սակայն ահա Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը՝ ինծի օգնութեան եկաւ ու ես հոն Պարսիկներու թագաւորներուն քով մնացի։
14 Հիմա քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի, վասն զի տեսիլքը ապագային համար է»։
15 Անոր խօսքերը լսածիս պէս՝ երեսս դէպի գետինը ծռեցի ու համր մնացի։
16 Ահա մարդու որդիի կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ ու բերանս բացուեցաւ ու խօսեցայ ու դիմացս կայնողին ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան։ Ալ ոյժ չունիմ։
17 Իմ Տէրոջս ծառան իր Տէրոջը հետ ի՞նչպէս պիտի կրնայ խօսիլ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ ու վրաս շունչ չմնաց»։
18 Այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ եւ զիս ուժովցուց
19 Ու ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ Երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի. «Թող խօսի իմ Տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս»։
20 Անիկա ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչու համար քեզի եկայ։ Հիմա Պարսիկներու իշխանին դէմ պատերազմելու պիտի երթամ։ Երբ ես երթամ՝ Յոյներու իշխանը պիտի գայ։
21 Բայց ես ճշմարտութեան գրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր Միքայէլ իշխանը»։