ԴԱՆԻԷԼ
Գլուխ 11
Մարերու Դարեհ թագաւորին առաջին տարին ես կայնեցայ որպէս զի զանիկա ուժովցնեմ ու զօրացնեմ։
2 Հիմա քեզի ճշմարտութիւնը պիտի պատմեմ. «Ահա Պարսկաստանի մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլեն ու չորրորդը ամենէն հարուստը պիտի ըլլայ ու երբ իր հարստութիւնովը ուժովնայ, ամէնքը ոտքի պիտի հանէ Յոյներու թագաւորութեան դէմ։
3 «Ետքը զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ ու մեծ իշխանութիւնով պիտի տիրէ, իր կամքին ուզածին պէս պիտի ընէ.
4 Բայց ելլելուն պէս անոր թագաւորութիւնը պիտի կոտրի ու երկնքի չորս հովերուն պիտի բաժնուի. բայց ո՛չ իր յաջորդներուն, ո՛չ ալ իր վարած իշխանութեանը. վասն զի անոր թագաւորութիւնը պիտի քակուի ու իրենցմէ ուրիշներուն պիտի անցնի։
5 «Հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ ու անոր իշխաններէն մէկը աւելի պիտի ուժովնայ ու պիտի տիրէ։ Անոր իշխանութիւնը մեծ իշխանութիւն մը պիտի ըլլայ։
6 Եւ մէկ քանի տարիէն ետքը անոնք իրարու հետ դաշնակցութիւն պիտի ընեն, վասն զի հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ հաշտութիւն ընելու համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի չունենայ։ Այն թագաւորը ու անոր բազուկը պիտի չկարենայ դիմանալ, հապա այն աղջիկն ու զանիկա բերողները ու զանիկա ծնանողը եւ զայն հոգացողը պիտի սպաննուին։
7 «Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ անոր տեղ ու անիկա զօրքով պիտի գայ եւ հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ ու անոնց մէջ հաճելի եղածը պիտի ընէ ու պիտի յաղթէ։
8 Անոնց աստուածներն ալ ձուլածոյ կուռքերուն ու ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններուն հետ իբր գերի Եգիպտոս պիտի տանի։ Անիկա հիւսիսի թագաւորէն աւելի շատ տարիներ պիտի կայնի՝ ՝։
9 Հարաւի թագաւորին պետութեանը մէջ պիտի մտնէ ու նորէն իր երկիրը պիտի դառնայ։
10 «Անոր որդիները պատերազմի պիտի ելլեն ու շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի հաւաքեն. ինք ալ անպատճառ պիտի գայ ու հեղեղի պէս պիտի անցնի եւ մինչեւ անոր ամրոցը պիտի շարունակէ պատերազմիլ։
11 Իսկ հարաւի թագաւորը պիտի կատղի ու պիտի ելլէ։ Անոր հետ, այսինքն հիւսիսի թագաւորին հետ, պատերազմ պիտի ընէ, բայց բազմութիւնը հարաւի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի,
12 Որը երբ այն բազմութիւնը առնէ, իր սիրտը պիտի բարձրացնէ ու բիւրաւորներ պիտի կործանէ, բայց պիտի չուժովնայ.
13 Քանզի հիւսիսի թագաւորը պիտի դառնայ ու նախորդէն աւելի բազմութիւն ոտքի պիտի հանէ ու մէկ քանի տարիէն մեծ զօրքով ու մեծ պատրաստութեամբ անշուշտ պիտի գայ։
14 «Այն ժամանակները հարաւի թագաւորին վրայ շատերը պիտի ելլեն ու քու ժողովուրդիդ բռնաւորներուն որդիներն ալ ոտքի պիտի ելլեն՝ տեսիլքը կատարելու համար, բայց պիտի գլորին։
15 Հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ ու հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնէ ու պարսպապատ քաղաքները պիտի առնէ եւ հարաւի թագաւորին բազուկները ու անոր ընտրեալները պիտի տկարանան, ո՛չ ալ դիմանալու ոյժ պիտի ունենան։
16 Անոր վրայ եկողը իր ուզածին պէս պիտի ընէ։ Անոր առջեւ դէմ դնող պիտի չըլլայ։ Փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ եւ իր ձեռքով պիտի աւերէ։
17 Պիտի դառնայ իր թագաւորութեան բոլոր ուժովը, խաղաղութեան պայմանները պիտի բերէ եւ հաստատէ զանոնք, կիներուն աղջիկը անոր պիտի տայ, որպէս զի կործանէ թագաւորութիւնը, բայց անոր հետ պիտի չկենայ կամ բան մը պիտի չշահի։
18 Վերջապէս իր երեսը դէպի կղզիները պիտի դարձնէ ու անոնցմէ շատերը պիտի առնէ, բայց իշխան մը անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ ու ասկէ զատ անոր նախատինքը անոր վրայ պիտի դարձնէ։
19 Իր երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի տկարանայ, պիտի իյնայ ու պիտի չգտնուի։
20 Եւ անոր տեղ ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեանը փառքին համար՝ ՝, բայց անիկա քիչ օրերու մէջ պիտի կոտրի, սակայն ո՛չ բարկութեամբ եւ ո՛չ պատերազմով։
21 Անոր տեղ անարգ մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ ու շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ։
22 Անոր առջեւէն բանակները հեղեղի պէս պիտի քալեն եւ ընկղմին, նաեւ ուխտին իշխանը։
23 Քանզի անոր հետ դաշինք կնքելէ ետք նենգութիւն պիտի ընէ ու տկար ազգով պիտի յաղթէ։
24 Անիկա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառի մէջ պիտի մտնէ ու իր հայրերուն ու անոնց հայրերուն չըրածը ինք պիտի ընէ։ Անոնց մէջ աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաժնէ ու կարճ ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր ծրագիրները պիտի մշակէ։
25 Մեծ զօրքով իր զօրութիւնն ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ։ Հարաւի թագաւորն ալ խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ, բայց պիտի չկարենայ դիմանալ. վասն զի անոր դէմ ծրագիրներ պիտի մշակուին։
26 Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտորեն եւ անոր զօրքը պիտի ցրուի ու շատերը պիտի սպաննուին։
27 Այս երկու թագաւորներուն ալ սիրտը չարութիւն ընելու հակամէտ պիտի ըլլայ ու նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին, բայց պիտի չյաջողին, վասն զի վախճանը որոշուած ժամանակին պիտի հասնի։
28 Անիկա շատ հարստութիւնով իր երկիրը պիտի դառնայ, բայց իր սիրտը սուրբ ուխտին դէմ պիտի ըլլայ։ Իր ուզածը պիտի ընէ ու իր երկիրը պիտի դառնայ։
29 «Որոշուած ժամանակին պիտի դառնայ ու հարաւին վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ։
30 Քանզի Կիտացիներու նաւերը անոր դէմ պիտի երթան եւ անիկա պիտի թուլնայ ու դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի ելլէ, պիտի դառնայ ու սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ պիտի ընէ։
31 Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին եւ պղծեն տաճարը եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը։ Անոր տեղ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն։
32 Ու ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։
33 Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին։ Բայց երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն։
34 Ու շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։
35 Խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին, որպէս զի մինչեւ վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տեւէ։
36 «Այն թագաւորը իր ուզածը պիտի ընէ ու զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ եւ աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի ու յաջողութիւն պիտի գտնէ՝ մինչեւ որ բարկութիւնը կատարուի. քանզի նախասահմանուածը պիտի գործադրուի։
37 Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ, ո՛չ ալ կիներու ցանկութիւններու մասին ու ոեւէ աստուած պիտի անտեսէ, քանզի ինքզինք ամենէն մեծ պիտի սեպէ։
38 Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ։
39 Օտար աստուծոյ հետ զօրաւոր բերդերու մէջ պիտի գործէ ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ եւ շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց ու երկիրը իբրեւ վարձք՝ ՝ պիտի բաժնէ։
40 «Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր վրայ պիտի յարձակի, բայց հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս հարաւի թագաւորին դէմ պիտի երթայ ու անոր երկիրը պիտի մտնէ ու կոխելով պիտի անցնի։
41 Փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ընէ. բայց անոր ձեռքէն պիտի ազատին Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը։
42 Իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկնցնէ ու Եգիպտոսը պիտի չկարենայ ազատիլ։
43 Ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ եւ Լիբէացիներն ու Եթովպիացիները անոր պիտի հետեւին։
44 Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի դաշտերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։
45 Պալատներու պէս վրանները ծովուն մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լերան վրայ պիտի կանգնեցնէ. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։