ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 1
Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.
2 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։
3 Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը.
4 Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք.
5 Քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։
6 Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։
7 Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։
8 Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։
9 Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ.
10 Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ
11 Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։
12 Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։
13 Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք.
14 Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։
15 Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք.
16 Ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։
17 Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, որպէս զի իմ կողմանէս «այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ» ըլլայ՝ ՝։
18 Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ «այո» եւ «ոչ» չէր։
19 Վասն զի Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, (ինծմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով,) «այո» ու «ոչ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո»ն։
20 Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ «Այո» են ու իր մէջ «Ամէն» են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով։
21 Բայց ան որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է.
22 Որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։
23 Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ. սակայն ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք։