ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 3

Սկսի՞նք նորէն ինքզինքնիս գովել. կամ թէ ոմանց պէս պէ՞տք է մեզի յանձնարարութեան թուղթեր ձեզի կամ ձեզմէ։
2 Բայց մեր թուղթը դուք էք մեր սրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած ամէն մարդէ.
3 Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ Հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։
4 Մենք վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ Քրիստոսին ձեռքով.
5 Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է.
6 Որ մեզ յարմարցուց նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու, ո՛չ թէ գրին, հապա հոգիին. վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ’ապրեցնէ։
7 Իսկ եթէ քարերու վրայ գրով փորուած մահուան օրէնքը այնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար Մովսէսին երեսին նայիլ՝ անոր երեսին պայծառութեան համար, որ պիտի խափանուէր.
8 Ուրեմն հոգիին օրէնքը որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ։
9 Վասն զի եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառաւոր էր՝ ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառաւոր պիտի ըլլայ։
10 Վասն զի այն որ փառաւոր էր՝ անփառունակ դարձաւ զինք գերազանցող փառքին պատճառաւ։
11 Քանզի եթէ այն որ պիտի խափանուէր՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի այն որ մնայուն է՝ փառաւոր պարտի ըլլալ։
12 Ուստի այսպիսի յոյս մը ունենալով, շատ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ
13 Եւ ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս իր երեսին վրայ ծածկոց կը ձգէր, որպէս զի Իսրայէլի որդիները չնայէին այն խափանուելու բաներուն վախճանին։
14 Սակայն անոնց մտքերը կուրցան. վասն զի մինչեւ այսօր նոյն ծածկոցը ձգուած է հին կտակարանին վրայ ու չի վերնար, (վասն զի Քրիստոսով կը խափանուի,)
15 Հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսին գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ։
16 Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը։
17 Արդ՝ Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ։
18 Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն։