ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 5
Վասն զի գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրաւոր տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռագործ յաւիտենական տուն մը երկնքի մէջ։
2 Եւ յիրաւի ասոր մէջ կը հառաչենք՝ մեր երկնաւոր բնակութիւնը հագնիլ փափաքելով.
3 Միայն թէ երբ զայն հագնելու ըլլանք, մերկ չգտնուինք։
4 Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ։
5 Աստուած մեզ այս բանին կը պատրաստէ, որ նաեւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւականը։
6 Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք.
7 (Վասն զի հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով.)
8 Ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմնէն հեռանալ ու Տէրոջը քով կենալ։
9 Ասոր համար ջանանք որ թէ՛ կենանք եւ թէ՛ հեռանանք՝ անոր հաճոյ ըլլանք։
10 Վասն զի պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։
11 Ուստի Տէրոջը վախը գիտնալով՝ մարդոց միտքը հաճեցնենք. սակայն մենք Աստուծոյ առջեւ յայտնի ենք եւ կը յուսամ թէ ձեր խղճմտանքին մէջ ալ յայտնի ենք։
12 Ոչ թէ նորէն անձերնիս ձեզի կ’ընծայենք. հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէս զի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ աչքի երեւցածով կը պարծենան ու ո՛չ թէ սրտով։
13 Վասն զի եթէ խենդեցած ենք՝ այն Աստուծոյ համար է եւ եթէ զգաստ ենք՝ այն ձեզի համար է,
14 Վասն զի Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։
15 Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։
16 Ուստի ասկէ յետոյ մենք մէկը մարմնով չենք ճանչնար, թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար։
17 Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։
18 Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը.
19 Այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը։
20 Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։
21 Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց՝ ՝, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք։