ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 11
Երանի՜ թէ քիչ մը ներէիք իմ անմտութեանս եւ իրաւցընէ հանդուրժէիք ինծի։
2 Վասն զի ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու։
3 Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։
4 Վասն զի եթէ մէկը գալու ըլլայ եւ ուրիշ Յիսուս մը քարոզէ՝ որ մենք չքարոզեցինք, կամ ուրիշ հոգի առնէք՝ որ մեզմէ չառիք, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ մեզմէ չէք ընդունած, այնպիսիներուն ալ աղէկ կը հանդուրժէիք։
5 Քանզի ես այսպէս կը սեպեմ՝ թէ ամենէն երեւելի առաքեալներէն բանով մըն ալ պակաս չեմ։
6 Թէպէտ խօսքի մէջ անվարժ եմ, բայց ո՛չ գիտութեան կողմէ. սակայն ամէն բանի մէջ բոլորովին անձերնիս ձեզի յայտնի ցուցուցինք։
7 Միթէ յանցա՞նք գործած եղայ՝ որ Աստուծոյ աւետարանը ձեզի ձրի քարոզելով իմ անձս խոնարհեցուցի, որպէս զի դուք բարձրանաք,
8 Ուրիշ եկեղեցիներ կողոպտեցի, անոնցմէ թոշակ առնելով ձեզի ծառայելու համար։
9 Ձեր քով գտնուած ատենս երբ պակասութիւն ունեցայ, ձեզմէ մէկո՛ւն ձանձրութիւն չտուի. վասն զի իմ պակասութիւնս լեցուցին Մակեդոնիայէն եկող եղբայրները եւ ամէն կերպով ձեզի ծանրութիւն տալէ զգուշացայ ու պիտի զգուշանամ ալ։
10 Քրիստոսին ճշմարտութիւնը իմ ներսիդիս է, որ այս իմ պարծենալս պիտի չխափանուի Աքայիայի կողմերն ալ։
11 Ինչո՞ւ. որպէս թէ չե՞մ սիրեր ձեզ։ Ատիկա Աստուած գիտէ։
12 Բայց ինչ որ ըրի, պիտի ընեմ ալ, որպէս զի առիթ չտամ անոնց՝ որոնք պատճառ կը փնտռեն, որպէս զի պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս են։
13 Վասն զի այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։
14 Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։
15 Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն։ Իրենց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ։
16 Դարձեալ կ’ըսեմ, ոչ ոք զիս անմիտ թող սեպէ, բայց գոնէ անմիտի մը պէս զիս ընդունեցէք, որպէս զի ես ալ քիչ մը պարծենամ։
17 Ինչ որ ես կը խօսիմ, ո՛չ թէ Տէրոջը կամքին պէս կը խօսիմ, հապա որպէս թէ անմտութիւնով մը՝ այդ պարծենալուն վստահութիւնովը։
18 Որովհետեւ շատեր մարմնի կողմանէ կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ։
19 Քանզի դուք իմաստուն ըլլալով յօժարութեամբ կը համբերէք անմիտներուն։
20 Կը համբերէք, նոյնիսկ եթէ մէկը ձեզ ծառայեցնէ, եթէ մէկը ձեր ստացուածքը ուտէ, եթէ մէկը ձեզմէ բան մը առնէ, եթէ մէկը ձեր վրայ հպարտանայ, եթէ մէկը ձեր երեսին զարնէ։
21 Ամչնալով կը խօսիմ, իբր թէ մենք տկար էինք, բայց ինչ բանով որ կը համարձակի մէկը պարծենալ, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ կը համարձակիմ։
22 Անոնք Եբրայեցի՞ են, ե՛ս ալ։ Իսրայէլացի՞ են, ե՛ս ալ։
23 Աբրահամի՞ն սերունդէն են, ե՛ս ալ։ Քրիստոսի՞ն պաշտօնեաներ են, (յիմարաբար կը խօսիմ,) ա՛լ աւելի ես։ Աշխատանքներով՝ աւելի, ծեծերով՝ ա՛լ աւելի, բանտարկութիւններով՝ աւելի, մահուան վտանգներով՝ շատ անգամ։
24 Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ։
25 Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ։ Մէկ անգամ քարկոծուեցայ։ Երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ։ Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։
26 Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իմ ազգէս՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ՝ սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի։
27 Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ անքուն գիշերներու, անօթութեան ու ծարաւի մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի։
28 Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները։ Ամէն օրուան զբաղումները, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր։
29 Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր։
30 Եթէ պարծենալ պէտք ըլլայ, միայն տկարութեանս բաներուն վրայ կրնամ պարծենալ։
31 Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ յաւիտեան օրհնեալ է, գիտէ թէ սուտ չեմ խօսիր։
32 Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնելու համար՝ դռներուն քով պահապաններ դրեր էր։
33 Զիս պատուհանէ մը զամբիւղով պարիսպէն վար իջեցուցին ու անոր ձեռքէն փախայ։