ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 7
Ուստի, սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը։
2 Ընդունեցէք մեզ՝ ՝։ Մարդո՛ւ վնաս չտուինք, ո՛չ մէկը եղծեցինք եւ ո՛չ մէկը զրկեցինք։
3 Ո՛չ թէ ձեզ դատապարտելու համար այս կ’ըսեմ. որովհետեւ ես առաջուընէ ըսեր եմ թէ դուք մեր սրտերուն մէջ էք՝ մեռնելու եւ ապրելու ձեզի հետ։
4 Մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ, շատ հպարտ եմ ձեզմով, լեցուն եմ մխիթարութիւնով, ուրախ եմ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ։
5 Վասն զի երբ մենք Մակեդոնիա հասանք, բնաւ մեր մարմինը հանգստութիւն չունեցաւ այլ ամէն կողմէ նեղութիւն քաշեցինք. դուրսէն պատերազմներ կային ու ներսէն՝ վախեր։
6 Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսին գալովը։
7 Եւ ո՛չ միայն անոր գալովը, հապա այն մխիթարութիւնովն ալ՝ որով ինք մխիթարուեր էր ձեզմով երբ մեզի պատմեց ձեր բաղձանքը, ձեր ողբը, ձեր ինծի համար ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախ եղայ։
8 Վասն զի եթէ ձեզ տրտմեցուցի այն թուղթով, չեմ զղջար, (թէեւ զղջացեր էի,) քանզի կը տեսնեմ թէ այն թուղթը ձեզ տրտմեցուց, թէեւ քիչ մը ատեն։
9 Արդ՝ ուրախ եմ, ոչ թէ որ տրտմեցաք, հապա որ ապաշխարութեան համար տրտմեցաք. որովհետեւ դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, այնպէս որ բանով մըն ալ ձեզի չվնասեցի։
10 Վասն զի Աստուծոյ ուզածին պէս եղած տրտմութիւնը փրկութեան համար ապաշխարութեան կ’առաջնորդէ, որ չի զղջացներ. բայց աշխարհի տրտմութիւնը մահ կը պատճառէ
11 Քանզի դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, ձեր մէջ ո՛րչափ սրտմութիւն, ո՛րչափ վախ, ո՛րչափ բաղձանք, ո՛րչափ նախանձախնդրութիւն, ո՛րչափ վրէժխնդրութիւն յառաջ բերիք. ամէն կերպով ինքզինքնիդ ցուցուցիք թէ այդ բանին մէջ մաքուր էք։
12 Ուրեմն այն որ ես ձեզի գրեցի, ո՛չ թէ զրկանքը ընողին համար էր եւ ո՛չ ալ զրկանքը կրողին համար, հապա որպէսզի ձեր վրայ ունեցած մեր հոգածութիւնը յայտնի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ։
13 Ուստի ասոր համար մենք մխիթարուեցանք եւ շատ աւելի ալ ուրախացանք Տիտոսին ուրախութեանը համար, վասն զի անոր հոգին բոլորէդ հանգստութիւն գտեր էր։
14 Վասն զի անոր առջեւ ձեզմով պարծենալուս համար ամօթով չմնացի. հապա ինչպէս ամէն բան ճշմարտութիւնով խօսեցանք ձեզի, նոյնպէս Տիտոսին առջեւ պարծենալնիս ալ ճշմարիտ եղաւ։
15 Նաեւ իր սէրը աւելի զօրացած է ձեր վրայ, երբ կը յիշէ ձեր ամենուն հնազանդութիւնը, թէ ի՛նչպէս վախով ու դողով զանիկա ընդուներ էք։
16 Ուստի ուրախ եմ որ ամէն բանի մէջ ձեր վրայ վստահութիւն ունիմ։