ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 8

Արդ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կը ցուցնենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Մակեդոնացիներու եկեղեցիներուն տրուած է.
2 Որ նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան։
3 Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ,
4 Կ’աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք։
5 Ոչ միայն որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ՝ Տէրոջը ու ետքը՝ մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը։
6 Տիտոսին ալ աղաչեցինք, որ ինչպէս անիկա առաջուընէ սկսաւ, նոյնպէս ալ ձեր մէջ կատարէ այդ շնորհքն ալ։
7 Բայց ինչպէս ամէն բանով առատացած էք դուք, (հաւատքով ու խօսքով ու գիտութիւնով եւ ամէն ջանքով ու մեր վրայ եղած ձեր սիրովը,) նայեցէք որ այդ շնորհքով ալ առատանաք.
8 Ո՛չ թէ հրամայելով կը խօսիմ, հապա ուրիշներուն ջանքը տեսնելով, որպէս զի փորձեմ ձեր սիրոյն հարազատութիւնը։
9 Քանզի դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք։
10 Եւ այս բանին համար խրատ կու տամ. վասն զի ասիկա ձեր օգտին համար է, դուք որ ոչ թէ միայն ընելը, հապա կամենալն ալ առաջուընէ սկսեցաք՝ անցած տարուընէ ի վեր.
11 Ուստի հիմա ընելն ալ կատարեցէք, որպէս զի ինչպէս կամքի յօժարութիւն կայ, նոյնպէս ալ ընելը ձեր ունեցածներուն չափովը ըլլայ։
12 Վասն զի եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը
13 Վասն զի ոչ թէ ես ուրիշներուն հանգստութիւն կ’ուզեմ ու ձեզի՝ նեղութիւն.
14 Հապա հաւասարութիւն։ Այսօրուան ձեր աւելին անոնց պակասութիւնը լեցնէ, որպէս զի անոնց աւելին ալ օր մը լեցնէ ձեր պակասութիւնը, որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ։
15 Ինչպէս գրուած է. «Ան որ շատ ժողվեց՝ չաւելցաւ ու ան որ քիչ՝ չպակսեցաւ»։
16 Գոհութիւն Աստուծոյ, որ Տիտոսը կը բաղձայ մեզի նման ձեզի օգնել։
17 Վասն զի մեր աղաչանքը ընդունեց եւ յօժարեցաւ իր կամքովը ձեզի գալու։
18 Անոր հետ ղրկեցինք այն եղբայրը, որուն գովութիւնը աւետարանին մէջ է՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
19 Եւ ոչ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ մեզի ճամբորդութեան ընկեր ըլլալու այս տուրքերուն մէջ, որ մենք կը ծառայենք Տէրոջը փառքին համար ու ձեր յօժարութիւնովը։
20 Բայց այս մասին զգուշութիւն կ’ընէինք, որ չըլլայ թէ մէկը արատ մը դնէ մեր վրայ այս առատութեանը մէջ, որուն մենք կը ծառայենք։
21 Քանզի ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ կը տանինք։
22 Անոնց հետ մեր եղբայրը ղրկեցինք, որ շատ բաներու մէջ փորձելով՝ շատ անգամ յօժարամիտ գտեր ենք ու հիմա ա՛լ աւելի յօժարամիտ՝ այն մեծ վստահութիւնով որ ձեր վրայ ունի։
23 Բայց եթէ Տիտոսին համար կը հարցնէք, անիկա իմ ընկերս է եւ ձեր մէջ իմ գործակիցս. իսկ եթէ մեր եղբայրներուն համար՝ անոնք եկեղեցիներուն ղրկուածներն են ու Քրիստոսին փառքը։
24 Ուստի ձեր սիրոյն եւ մեր ձեր վրայով պարծենալուն ապացոյցը ատոնց վրայ ցուցուցէք՝ եկեղեցիներուն առջեւ։