ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ
Գլուխ 6
Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կաղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։
2 Վասն զի «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի»։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը։
3 Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։
4 Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու,
5 Ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,
6 Մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնմտութիւնով, քաղցրութիւնով, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,
7 Ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութիւնով, արդարութեան զէնքերով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է։
8 Փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով, մոլորեցնողներու պէս՝ ու ճշմարիտներ։
9 Անծանօթներու պէս եւ ծանօթներ, մեռնողներու պէս եւ ահա կենդանի ենք, պատժուածներու պէս ու չենք սպանուած։
10 Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք։
11 Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։
12 Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ՝ ՝ կը նեղուիք։
13 Ուստի անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։
14 Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ
15 Եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ
16 Եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ. վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք. ինչպէս Աստուած ըսաւ, թէ «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց մէջ պիտի քալեմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
17 Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը։ «Պիղծ բանի մի՛ դպչիք
18 Ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք», կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը։