ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 10

Ես՝ Պօղոսս՝ ձեզի կ’աղաչեմ Քրիստոսին հեզութիւնովն ու քաղցրութիւնովը, որ երես առ երես գտնուած ատենս խոնարհ եմ ձեր մէջ, բայց հեռուէն համարձակ կը խօսիմ.
2 Կ’աղաչեմ որ չըլլայ թէ մօտէն ալ համարձակիմ այն վստահութիւնովը՝ որով միտք ունիմ ցուցնել մէկ քանիներուն, որոնք մեր վրայով այնպէս կը կարծեն թէ մարմնաւորապէս կը քալենք։
3 Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք,
4 Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։
5 Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք։
6 Պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութենէ, որպէս զի ձեր հնազանդութիւնը կատարեալ ըլլայ։
7 Դուրսի երեւոյթի՞ն կը նայինք։ Կա՞յ մէկը որ վստահ ըլլայ իր անձին վրայ՝ թէ ինք Քրիստոսինն է։ Ան նորէն ինքնիրմէ թող խորհի՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, այնպէս ալ մենք։
8 Քանզի եթէ աւելի ալ պարծենալու ըլլամ այն մեր իշխանութեանը համար՝ որ Տէրը մեզի տուաւ՝ ձեզ շինելու եւ ոչ թէ քակելու համար, պիտի չամչնամ.
9 Որպէս զի այնպէս չսեպուիմ, որպէս թէ ես թուղթերովս ձեզի վախ կը պատճառեմ.
10 Քանզի «Անոր թուղթերը, կ’ըսէ մէկը, ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։
11 Այնպիսին թող խորհի, թէ մենք հեռուէն ի՛նչպէս ենք խօսքով ու թուղթերով, մօտեն ալ նո՛յնպէս պիտի ըլլանք գործով։
12 Վասն զի մենք չենք համարձակիր մեր անձը կշիռքի դնել ու բաղդատել ոմանց հետ, որ ինքզինքնին կը գովեն. բայց իրարմով իրենց անձերը կը չափեն եւ զիրենք իրարու հետ բաղդատելով՝ չեն հասկնար։
13 Բայց մենք չափէ դուրս բաներով պիտի չպարծենանք, հապա այն կանոնին չափովը՝ որ Աստուած մեզի բաժին տուաւ մինչեւ ձեզի հասնելու.
14 Ո՛չ թէ որպէս թէ մենք ձեզի հասած չենք ու ինքզինքնիս չափէն աւելի կ’երկնցնենք, վասն զի Քրիստոսին աւետարանովը մինչեւ ձեզի հասանք։
15 Եւ ո՛չ թէ չափէ դուրս բաներով՝ ուրիշներուն աշխատանքովը կը պարծենանք՝ հապա յոյս ունինք, որ ձեր հաւատքը աւելնալուն՝ մեր գործին չափովը ձեզմէ աւելի ընդարձակուինք,
16 Ձեզմէ անդին աւետարանը քարոզելու եւ ո՛չ թէ պատրաստ բաներու վրայ պարծենալու ուրիշի մը գործով։
17 Բայց ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ։
18 Վասն զի ո՛չ թէ ան որ իր անձը կը գովէ՝ անիկա է ընտրուածը, հապա ան՝ որ Տէրը կը գովէ։