ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 8

Այն օրերը ժողովուրդը խիստ շատ ըլլալով եւ ուտելու բան մը չունենալով, Յիսուս իրեն կանչեց իր աշակերտները ու ըսաւ անոնց.
2 «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։
3 Եթէ ատոնք անօթի ղրկեմ իրենց տուները, ճամբուն մէջ պիտի մարին, վասն զի ատոնցմէ ոմանք հեռու տեղէ եկած են»։
4 Իր աշակերտները պատասխան տուին իրեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել ատոնք»։
5 Յիսուս հարցուց անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ըսին. «Եօթը»
6 Հրաման ըրաւ ժողովուրդին՝ որ գետնին վրայ նստին։ Առաւ եօթը նկանակը, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն եւ դրին։
7 Քանի մը մանր ձուկեր ալ ունէին։ Օրհնեց ու ըսաւ որ զանոնք ալ դնեն անոնց առջեւ։
8 Կերան ու կշտացան ու աւելցած կտորուանքը վերցուցին եօթը զամբիւղ։
9 Ուտողները չորս հազարի չափ էին ու արձակեց զանոնք։
10 Եւ շուտ մը նաւ մտնելով աշակերտներուն հետ՝ գնաց Դաղմանութայի կողմերը։
11 Փարիսեցիները ելլելով՝ սկսան անոր հետ վիճաբանութիւն ընել եւ զանիկա փորձելով՝ իրմէ նշան մը կ’ուզէին երկնքէն։
12 Անիկա իր հոգիին մէջ հառաչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս ազգը նշան կ’ուզէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ այս ազգին նշան պիտի չտրուի»։
13 Ու զանոնք թող տալով նորեն նաւը մտաւ ու գնաց ծովուն միւս կողմը։
14 Հաց առնել մոռցեր էին, բայց նաւուն մէջ իրենց հետ միայն մէկ նկանակ ունէին։
15 Պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն»։
16 Անոնք իրարու հետ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չունենալնուս համար է»։
17 Յիսուս անոնց խորհուրդը իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք. տակաւին չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք իմանար. դեռ սրտերնիդ թմրա՞ծ է։
18 Աչքեր ունիք ու չէ՞ք տեսներ եւ ականջներ ունիք ու չէ՞ք լսեր։
19 Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Ըսին անոր. «Տասներկու»։
20 «Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը»։
21 Ու ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս չէք հասկնար»։ ՅԻՍՈՒՍ ԲԵԹՍԱԻԴԱՅԻ ՄԷՋ ԿՈՅՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
22 Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին ու կ’աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։
23 Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց ու անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ ու հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։
24 Ան ալ նայեցաւ ու ըսաւ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին»։
25 Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ ու անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ ու ամէն բան համարձակ կը տեսնէր։
26 Ետքը զանիկա իր տունը ղրկելով՝ ըսաւ. «Գիւղը մի՛ մտներ ու գիւղին մէջ մարդու մի՛ ըսեր»։
27 Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Փիլիպպոսի Կեսարիայի գիւղերը ելաւ ու ճամբուն մէջ հարցուց իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն մարդիկ թէ եմ»։
28 Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Ոմանք՝ Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ ալ՝ Մարգարէներէն մէկը»։
29 Եւ ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Դուն ես Քրիստոսը»։
30 Սաստիկ պատուիրեց անոնց՝ որ իրեն համար մարդո՛ւ բան չըսեն։
31 Ապա սկսաւ սորվեցնել անոնց, թէ «Պէտք է որ Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ ու երէցներէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի եւ երեք օրէն յետոյ յարութիւն առնէ»։
32 Ու այս խօսքը յայտնի խօսեցաւ։ Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա ու սկսաւ յանդիմանել։
33 Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։
34 Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
35 Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։
36 Քանզի ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ.
37 Կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։
38 Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։