ՄԱՐԿՈՍ
Գլուխ 16
Երբ շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն խունկեր ծախու առին, որպէս զի երթան օծեն զանիկա։
2 Մէկշաբթի առտուն շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, գացին գերեզմանը
3 Ու իրարու կ’ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն»,
4 (Ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր,) վասն զի շատ մեծ էր։
5 Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։
6 Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։
7 Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ. հոն պիտի տեսնէք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ»։
8 Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։
9 Յիսուս մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։
10 Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։
11 Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։
12 Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։
13 Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։
14 Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։
15 Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։
16 Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։
17 Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին.
18 Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։
19 Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։
20 Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։