ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 14

Երկու օր յետոյ զատիկ ու բաղարջակերք էր. եւ քահանայապետներն ու դպիրները կը խորհէին թէ ի՞նչ նենգութեամբ բռնեն զանիկա ու մեռցնեն։
2 Բայց կ’ըսէին. «Ոչ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։
3 Երբ ինք Բեթանիա էր՝ բորոտ Սիմոնին տունը՝ սեղան նստած, կին մը եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր։ Կոտրեց այն շիշը ու իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց։
4 Կային ոմանք, որ կը նեղուէին ու կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը,
5 Քանզի այդ [իւղը] երեք հարիւր դահեկանէն աւելի կրնար ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ Եւ սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա։
6 Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։
7 Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։
8 Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։
9 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։
10 Յուդա Իսկարիովտացի, տասներկուքէն մէկը, գնաց քահանայապետներուն, որ զանիկա մատնէ անոնց։
11 Անոնք ալ լսելով ուրախացան ու իրեն ստակ ալ խոստացան։ Ան կը փնտռէր յարմար պատեհութիւն մը, որ մատնէ զանիկա։
12 Բաղարջակերաց առաջին օրը, երբ զատիկը կը մորթէին, անոր աշակերտները ըսին իրեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ երթանք պատրաստենք՝ որպէս զի զատիկը ուտես»։
13 Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց ու ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք քաղաքը ու ձեզի մարդ մը պիտի պատահի՝ որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը կը տանի, գացէ՛ք անոր ետեւէն։
14 Ուր որ մտնէ, տանը տիրոջը ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ, Ո՞ւր է օթեւանը, ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ կարենամ զատիկը ուտել’։
15 Ան ալ ձեզի յարդարուած ու պատրաստ մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ. հոն պատրաստեցէք մեզի»։
16 Աշակերտները գացին ու քաղաքը մտան եւ ինչպէս իրենց ըսաւ՝ այնպէս գտան եւ զատիկը պատրաստեցին։
17 Իրիկունը, տասներկուքին հետ մէկտեղ գնաց հոն։
18 Երբ սեղան նստան եւ կ’ուտէին, ըսաւ Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը որ հիմա ինծի հետ կ’ուտէ, զիս պիտի մատնէ»։
19 Անոնք սկսան տրտմիլ ու մէկիկ մէկիկ ըսել անոր. «Միթէ ե՞ս եմ». եւ ուրիշ մը՝ «Միթէ ե՞ս եմ»։
20 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Տասներկուքէն ան, որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց։
21 Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։
22 Երբ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս»։
23 Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ։
24 Ըսաւ անոնց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի։
25 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։
26 Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։
27 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու ոչխարները պիտի ցրուին’։
28 Բայց յարութիւն առնելէս ետքը ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։
29 Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։
30 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, որ դուն ալ այս գիշեր՝ դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։
31 Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնիլ ալ պէտք ըլլայ ինծի, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ». նոյնպէս կ’ըսէին բոլորն ալ։
32 Եկան այն տեղը որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթք ընեմ»։
33 Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, սկսաւ խռովիլ եւ վշտանալ։
34 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է. հո՛ս կեցէք եւ արթուն մնացէք»։
35 Քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ, որ եթէ կարելի է, այն ժամը իրմէ անցնի։
36 Եւ ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։
37 Երբ եկաւ ու զանոնք քնացած գտաւ՝ ըսաւ Պետրոսին. «Սի՛մոն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն կենալ։
38 Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։
39 Նորէն գնաց աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։
40 Եւ դարձաւ ու զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր եւ չէին գիտեր թէ ի՞նչ պատասխան տան անոր։
41 Երրորդ անգամ ալ եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէ՛ք ու հանգչեցէ՛ք. բաւական է, ժամը հասաւ, ահա Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։
42 Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
43 Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ քահանայապետներուն եւ դպիրներուն ու ծերերուն կողմէն շատ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով։
44 Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք»։
45 Անիկա գալով մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ռաբբի՛, Ռաբբի՛», ու համբուրեց զանիկա։
46 Անոնք ձեռք զարկին անոր ու բռնեցին զանիկա։
47 Եւ քովը կայնողներէն մէկը սուրը քաշեց ու զարկաւ քահանայապետին ծառային ու անոր ականջը մէկդի հանեց։
48 Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իբր աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։
49 Ամէն օր ձեր քով էի ու տաճարին մէջ կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք, բայց որպէս զի գրքերը կատարուին»։
50 Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։
51 Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին.
52 Ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ։
53 Տարին Յիսուսը քահանայապետին, անոր քով ժողվուեցան բոլոր քահանայապետները եւ ծերերը ու դպիրները։
54 Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ ներսը, քահանայապետին գաւիթը սպասաւորներուն հետ նստաւ ու կրակին քով կը տաքնար։
55 Քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը Յիսուսին դէմ վկայութիւն կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն եւ չէին գտներ.
56 Վասն զի շատեր սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ, բայց վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։
57 Ոմանք ելան սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ ու կ’ըսէին.
58 «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’»։
59 Բայց այնպէս ալ իրենց վկայութիւնը համաձայն չէր։
60 Եւ քահանայապետը մէջտեղը ոտքի ելլելով՝ հարցուց Յիսուսին ու ըսաւ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։
61 Բայց ան լուռ կը կենար եւ պատասխան մը չէր տար։ Քահանայապետը նորէն կը հարցնէր անոր ու կ’ըսէր. «Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին»։
62 Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած»։
63 Քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ։
64 Ատոր հայհոյութիւնը լսեցիք. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Ամէնքը դատապարտեցին զանիկա՝ թէ մահապարտ է։
65 Ոմանք սկսան թքնել ու անոր երեսը ծածկել եւ բռունցքով ծեծել ու ըսել. «Մարգարէացի՛ր»։ Սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր։
66 Պետրոս վարը գաւիթն էր։ Քահանայապետին աղախիններէն մէկը եկաւ
67 Ու տեսնելով Պետրոսը որ կը տաքնար՝ նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էիր»։
68 Բայց անիկա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։ Երբ դուրս ելաւ գաւիթին դրանը առջեւ, հաւը խօսեցաւ։
69 Եւ աղախինը նորէն տեսաւ զանիկա ու սկսաւ շուրջը կայնողներուն ըսել. «Ա՛ս ալ անոնցմէ է»։
70 Եւ անիկա նորէն ուրացաւ։ Ու քիչ մը ետքը՝ նորէն հոն կայնողները ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն անոնցմէ ես, վասն զի Գալիլիացի ես եւ քու խօսուածքդ ալ նման է անոնց»։
71 Բայց անիկա սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար, որուն համար դուք կ’ըսէք»։
72 Իսկոյն երկրորդ անգամ հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ այն խօսքը, որ Յիսուս իրեն ըսեր էր. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Ու սկսաւ լալ։