ՄԱՐԿՈՍ
Գլուխ 11
Երբ Երուսաղէմի մօտեցան, Բեթփագէ ու Բեթանիա դէպի Ձիթենեաց լեռը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, ըսելով.
2 «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս՝ պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ մարդ մը նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։
3 Եթէ մէկը ըսէ ձեզի թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընէք’, ըսէք ‘Տէրոջը պէտք է’. եւ շուտ մը հոս պիտի ղրկէ զանիկա»։
4 Գացին եւ գտան աւանակը՝ դուրսը փողոցին մէջ՝ դրանը քով կապուած ու արձակեցին զանիկա։
5 Եւ հոն կայնողներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչու կ’արձակէք այդ աւանակը»։
6 Անոնք ըսին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր ու իրենց թող տուին։
7 Երբ աւանակը Յիսուսին բերին, անոր վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ անոր վրայ։
8 Շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։
9 Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա. Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։
10 Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ. Ովսաննա ի բարձունս»։
11 Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը եւ չորս կողմը՝ ամէն բան աչքէ անցուց։ Արդէն ժամանակը իրիկուն ըլլալով՝ Բեթանիա ելաւ տասներկուքին հետ մէկտեղ։
12 Հետեւեալ օրը Բեթանիայէն կ’ելլէին, անօթեցաւ
13 Եւ հեռուէն տերեւալից թզենի մը տեսնելով գնաց, խորհելով թէ վրան բան մը կը գտնէ, բայց երբ անոր քով գնաց՝ տերեւներէն զատ բան չգտաւ, վասն զի դեռ թուզի ատենը չէր։
14 Այն ատեն ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան»։ Իր աշակերտները լսեցին։
15 Երբ հասան Երուսաղէմ, Յիսուս տաճարը մտնելով՝ դուրս հանեց զանոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին։ Ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց
16 Եւ թող չտուաւ, որ մէկը տաճարին մէջէն աման մը անցնէ
17 Եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’, բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։
18 Դպիրներն ու քահանայապետները զայս լսելով՝ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զանիկա, քանզի անկէ կը վախնային. վասն զի բոլոր ժողովուրդը զարմացեր էր անոր վարդապետութեանը վրայ։
19 Իրիկունը քաղաքէն դուրս ելաւ։
20 Առտուն երբ անկէ կ’անցնէին, թզենին տեսան արմատէն չորցած։
21 Պետրոսին միտքը եկաւ ու ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է»։
22 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք.
23 Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։
24 Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։
25 Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։
26 Իսկ եթէ դուք չներէք, ձեր Հայրն ալ որ երկինքն է, պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։
27 Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու ծերերը անոր եկան
28 Ու ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։
29 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։
30 Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։
31 Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր.
32 Իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնային, վասն զի ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր»։
33 Ուստի պատասխան տալով՝ ըսին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։