ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 1

Աստուծոյ Որդիին Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին սկիզբը։
2 Ինչպէս մարգարէներուն մէջ գրուած է. «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պատրաստէ առջեւդ»։
3 Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, «Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։
4 Յովհաննէս անապատին մէջ կը մկրտէր եւ ապաշխարութեան մկրտութիւնը կը քարոզէր՝ մեղքերու թողութեան համար։
5 Բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու Երուսաղէմացիները կ’երթային անոր։ Ամէնքը կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ՝ մեղքերնին խոստովանելով։
6 Յովհաննէս հագեր էր ուղտի մազ եւ իր մէջքը՝ կաշիէ գօտի ու իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։
7 Ան կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Իմ ետեւէս ինծմէ զօրաւորը կու գայ։ Ես արժանի չեմ ծռելու եւ անոր կօշիկներուն կապերը արձակելու։
8 Ես ձեզ ջրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։
9 Այն օրերը Յիսուս Գալիլիայի Նազարէթէն եկաւ ու Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ։
10 Ջուրէն ելլելուն պէս երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր
11 Եւ ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։
12 Անկէ յետոյ Հոգին անապատը հանեց զանիկա։
13 Քառասուն օր հոն էր՝ անապատին մէջ՝ Սատանայէն փորձուած եւ գազաններու հետ էր ու հրեշտակները իրեն սպասաւորութիւն կ’ընէին։
14 Յովհաննէսին մատնուելէն յետոյ Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր
15 Ու կ’ըսէր. «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք»։
16 Երբ Գալիլիացիներու ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ Սիմոնը ու Սիմոնին եղբայրը Անդրէասը, ծովը ուռկան ձգած, վասն զի ձկնորս էին։
17 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ես ձեզ մարդոց որսորդ ըլլալու պիտի պատրաստեմ»։
18 Անոնք ալ շուտ մը իրենց ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։
19 Անկէ քիչ մը յառաջ երթալով՝ տեսաւ Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, որոնք նաւին մէջ ուռկանները կը կարկտնէին։
20 Զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք ալ իրենց հայրը Զեբեդէոսը վարձկաններուն հետ նաւին մէջ ձգելով՝ անոր ետեւէն գացին։
21 Ու մտան Կափառնայում, ուր շաբաթ օրը ժողովարանը մտնելով՝ կը սորվեցնէր։
22 Ամէնքն ալ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։
23 Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, որը աղաղակեց՝ ըսելով.
24 «Թող տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար։ Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը»։
25 Յիսուս սաստեց՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ել ատկէ»։
26 Պիղծ ոգին սաստիկ ցնցեց զանիկա ու մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու անկէ ելաւ։
27 Ամէնքը զարմացան, այնպէս որ իրարու հարցուփորձ կ’ընէին. «Այս ի՞նչ է, ի՞նչ նոր վարդապետութիւն է այս, որ իշխանութիւնով պիղծ ոգիներուն ալ կը հրամայէ ու իրեն կը հնազանդին»։
28 Շուտ մը իր համբաւը Գալիլիայի բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։
29 Յիսուս ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին ու Անդրէասին տունը մտաւ Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ։
30 Սիմոնին զոքանչը ջերմէ բռնուած՝ պառկած էր։ Զոքանչին համար ըսին իրեն։
31 Յիսուս մօտեցաւ, անոր ձեռքէն բռնեց, վերցուց զանիկա եւ իսկոյն ջերմը թողուց զանիկա ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։
32 Իրիկունը՝ արեգակին մարը մտած ատենը՝ բոլոր հիւանդները եւ դիւահարները իրեն կը բերէին։
33 Բոլոր քաղաքը դուռը ժողվուեր էր։
34 Շատ հիւանդներ՝ կերպ կերպ ցաւերէ՝ բժշկեց ու շատ դեւեր հանեց։ Դեւերուն խօսիլ չէր տար, վասն զի զինք կը ճանչնային։
35 Առաւօտուն շատ կանուխ ելլելով՝ դեռ չլուսցած՝ գնաց անապատ մը եւ հոն աղօթք ըրաւ։
36 Սիմոն եւ իրեն հետ եղողները գացին անոր ետեւէն։
37 Երբ գտան զանիկա, ըսին անոր. «Ամէնքը քեզ կը փնտռեն»։
38 Ան ըսաւ. «Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասն զի այս բանին համար եկեր եմ»։
39 Բոլոր Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր ու դեւեր կը հանէր։
40 Բորոտ մը եկաւ անոր, կ՛աղաչէր, ծունկ կը դնէր ու կ’ըսէր անոր. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։
41 Յիսուս խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։
42 Երբ այս ըսաւ անոր, շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց ու մաքրուեցաւ։
43 Ինք սաստիկ պատուէր տալով անոր՝ շուտ մը դուրս հանեց զանիկա ու ըսաւ անոր.
44 «Զգո՛յշ կեցիր, մարդո՛ւ բան մը չըսես, հապա գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ տուր քու մաքրուելուդ ընծան որ Մովսէս պատուիրեց՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։
45 Բայց անիկա ելլելով՝ սկսաւ հրատարակել ու տարածել, այնպէս որ ա՛լ ինք չէր կրնար յայտնի կերպով քաղաք մը մտնել, հապա դուրսը՝ անապատը կը պտըտէր, բայց ամէն կողմէ իրեն կու գային։