ՄԱՐԿՈՍ
Գլուխ 3
Նորէն ժողովարանը մտաւ, ուր մարդ մը կար՝ որուն ձեռքը չորցած էր։
2 Ոմանք կը սպասէին տեսնելու թէ արդեօք շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։
3 Յիսուս ձեռքը չորցած մարդուն ըսաւ. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։
4 Ու ըսաւ անոնց. «Շաբաթ օրը բարի՞ք ընել արժան է՝ թէ չարիք ընել, հոգի մը ապրեցնե՞լ՝ թէ մեռցնել»։ Անոնք լուռ կեցան։
5 Յիսուս բարկութեամբ շուրջանակի անոնց նայելով՝ անոնց սրտերուն կուրութեանը համար տրտմած, ըսաւ այն մարդուն. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ երկնցուց եւ անոր ձեռքը ողջնցաւ։
6 Փարիսեցիները Հերովդէսեաններուն հետ մէկտեղ շուտ մը դուրս ելլելով, անոր դէմ խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս կորսնցնեն զանիկա։ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԼՃԻՆ ՔՈՎ
7 Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ծովեզերքը գնաց եւ շատ բազմութիւն անոր ետեւէն գացին Գալիլիայէն ու Հրէաստանէն,
8 Եւ Երուսաղէմէն ու Եդովմէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն ու անոնք ալ որ Տիւրոսի ու Սիդոնի շրջակայ տեղերէն էին, մեծ բազմութեամբ, երբ լսեցին ինչ որ կ’ընէր։
9 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն իրեն համար՝ ժողովուրդին բազմութեանը պատճառաւ, որպէս զի զինք չնեղեն։
10 Քանզի շատերը բժշկեց, այնպէս որ ցաւ ունեցողներ վրան կը դիզուէին, որպէս զի իրեն դպչին։
11 Պիղծ ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ’իյնային իր առջեւ, կը կանչուըռտէին ու կ’ըսէին.
12 «Դուն ես Աստուծոյ Որդին»։ Ինք սաստիկ կը յանդիմանէր զանոնք, որ զինք չյայտնեն։
13 Յիսուս լեռը ելլելով՝ իր ուզածները իրեն կանչեց ու գացին անոր քով։
14 Տասներկու հոգի ընտրեց, որպէս զի իրեն հետ ըլլան, որպէս զի զանոնք ղրկէ քարոզելու։
15 Ու իշխանութիւն տուաւ ցաւերը բժշկելու եւ դեւերը հանելու։
16 Սիմոնին անունը Պետրոս դրաւ.
17 Եւ Զեբեդեան Յակոբոսին ու Յակոբոսին եղբօրը Յովհաննէսին անունները Բաներեգէս դրաւ, որ ըսել է՝ «Որդի որոտման».
18 Անդրէասն ու Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսն ու Մատթէոսը, Թովմասն ու Ալփէոսեան Յակոբոսը, Թադէոսն ու Սիմոն Կանանացին
19 Եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ յետոյ մատնեց զանիկա։
20 Տուն մը գացին։ Նորէն ժողովուրդը ժողվուեցաւ, այնպէս որ հաց ուտելու ալ ժամանակ չկրցան գտնել։
21 Երբ իրենները լսեցին, ելան որ զինք բռնեն. քանզի կ’ըսէին. «Խելռած է»։
22 Այն դպիրները, որոնք Երուսաղէմէն իջեր էին, կ’ըսէին թէ «Ասոր ներսիդին Բէեղզեբուղ կայ եւ դեւերուն մեծ իշխանովը դեւերը կը հանէ»։
23 Յիսուս զանոնք կանչելով՝ առակներով ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կրնայ Սատանան սատանայ հանել։
24 Եթէ թագաւորութիւն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն թագաւորութիւնը չի կրնար կենալ։
25 Եթէ տուն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն տունը չի կրնար կենալ։
26 Եթէ Սատանան իրեն դէմ ելած ու բաժնուած է, անիկա չի կրնար կենալ, հապա անոր վերջը հասած կ’ըլլայ։
27 Մէկը չի կրնար զօրաւոր մարդու մը տունը մտնելով անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։
28 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ «Ամէն մեղք պիտի ներուի մարդոց որդիներուն եւ հայհոյութիւնները՝ որչափ որ հայհոյեն.
29 Բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ, հապա յաւիտենական դատաստանին պարտաւոր պիտի ըլլայ»։
30 Վասն զի կ’ըսէին պիղծ ոգի կայ անոր ներսիդին։
31 Ետքը անոր մայրը ու եղբայրները եկան ու դուրսը կայնելով՝ մարդ ղրկեցին ու կանչեցին զանիկա։
32 Ժողովուրդը, որ անոր բոլորտիքը նստեր էր, իրեն ըսին. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ քեզ կ’ուզեն»։
33 Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս»։
34 Ու իր բոլորտիքը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս ու իմ եղբայրներս.
35 Վասն զի ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։