ՄԱՐԿՈՍ
Գլուխ 7
Իր քով ժողվուեցան փարիսեցիներէն ու դպիրներէն ոմանք որ Երուսաղէմէն եկած էին։
2 Երբ տեսան թէ անոր աշակերտներէն ոմանք պիղծ, այսինքն անլուայ ձեռքերով՝ հաց կ’ուտեն, մեղադրեցին,
3 Վասն զի փարիսեցիներն ու բոլոր Հրեաները մինչեւ աղէկ մը ձեռքերնին չլուան՝ հաց չեն ուտեր, քանզի ծերերուն աւանդութիւնը կը բռնեն։
4 Շուկայէն եկած ատեննին եթէ չլուացուին՝ չեն ուտեր։ Ասոնց նման շատ բաներ կան, որոնք ընդունած են ու կը բռնեն, այսինքն գաւաթներու եւ փարչերու ու պղնձէ ամաններու եւ անկողիններու լուացումներ։
5 Այն ատեն փարիսեցիներն ու դպիրները հարցուցին անոր. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն»։
6 Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ
7 Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։
8 Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս՝ փարչերու եւ գաւաթներու մաքրութիւններ եւ ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։
9 Ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք։
10 Քանզի Մովսէս ըսաւ. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։
11 Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Եթէ մէկը իր հօրը կամ մօրը ըսէ՝ ‘Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս Աստուծոյ տալու կորբան է, (որ ըսել է՝ ընծայ,) ազատ կ’ըլլայ անիկա’.
12 Եւ ա՛լ թող չէք տար անոր բան մը ընել իր հօրը կամ իր մօրը.
13 Ու Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը եւ ասոր նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։
14 Բոլոր ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք։
15 Բան մը չկայ որ դուրսէն մարդուն ներսը մտնէ ու կարող ըլլայ զանիկա պղծել, հապա այն բաները, որ անկէ կ’ելլեն, անոնք են որ մարդը կը պղծեն։
16 Ով որ լսելու կանջ ունի՝ թող լսէ»։
17 Երբ ինք այն բազմութենէն զատուելով տուն մտաւ, իր աշակերտները հարցուցին իրեն այն առակին համար։
18 Ըսաւ անոնց. «Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք. չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել.
19 Վասն զի ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ’ելլէ (ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են)»։
20 Եւ շարունակեց. «Ինչ որ կ՛ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը։
21 Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպաննութիւններ,
22 Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։
23 Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն ու կը պղծեն մարդը»։
24 Անկէ ելլելով Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմանները գնաց։ Տուն մը մտնելով չէր ուզեր որ մէկուն յայտնուի, բայց չկրցաւ ծածկուիլ։
25 Ահա կին մը, որուն աղջիկը պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, լսեց անոր գալը, եկաւ, անոր ոտքը ինկաւ։
26 Այն կինը հեթանոս էր, ազգով Փիւնիկ Ասորի ու կ’աղաչէր անոր՝ որ դեւը իր աղջիկէն հանէ։
27 Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոցը հացը առնել ու շուներուն ձգել»։
28 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուներն ալ՝ սեղանին տակ տղոցը փշրանքներէն կը կերակրուին»։
29 Յիսուս ըսաւ անոր. «Այդ խօսքիդ համար գնա՛, քու աղջիկէդ դեւը ելաւ»։
30 Կինը իր տունը երթալով, գտաւ որ դեւը ելած էր ու աղջիկը անկողնին վրայ պառկած էր։
31 Նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, գնաց Գալիլիայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։
32 Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։
33 Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ,
34 Ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.)
35 Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։
36 Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին
37 Ու չափէ դուրս կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։