ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 10

Անկէ ելլելով՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց՝ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Նորէն ժողովուրդը անոր քով կը ժողվուէին եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր, դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց։
2 Փարիսեցիները քովը եկան եւ զանիկա փորձելով՝ կը հարցնէին անոր թէ «Արժա՞ն է որ այրը իր կինը արձակէ»։
3 Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Մովսէս ձեզի ի՞նչ պատուիրեց»։
4 Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։
5 Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը.
6 Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ.
7 «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի
8 Ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։
9 Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։
10 Եւ տունը իր աշակերտները նորէն նոյն բանը հարցուցին իրեն։
11 Ըսաւ անոնց. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։
12 Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։
13 Մանր տղաք բերին իրեն. որպէս զի անոնց դպչի, բայց աշակերտները կը յանդիմանէին բերողները։
14 Յիսուս երբ տեսաւ, սրդողելով անոնց ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։
15 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։
16 Եւ զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք։
17 Երբ անիկա դուրս ելաւ ճամբուն մէջ, ահա մարդ մը վազեց ու անոր առջեւ ծունկի գալով՝ հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։
18 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։
19 Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Զրկանք մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։
20 Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։
21 Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։
22 Անիկա այս խօսքին համար խոժոռելով՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։
23 Յիսուս իր շուրջը նայելով՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին»։
24 Աշակերտները զարմացան անոր խօսքերուն վրայ. բայց Յիսուս նորէն շարունակեց ու անոնց ըսաւ. «Որդեա՛կներ, ո՜րչափ դժուար է Ատուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։
25 Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
26 Անոնք խիստ շատ զարմացան ու ըսին իրարու. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։
27 Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ կողմէ. քանզի Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։
28 Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։
29 Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար,
30 Որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’։
31 Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան ետին ու յետիններ՝ առաջին»։
32 Երբ անոնք դէպի Երուսաղէմ կ’ելլէին ու ճամբուն մէջ էին, Յիսուս անոնցմէ առաջ կ’երթար։ Անոնք կը զարմանային ու ետեւէն երթալով՝ կը վախնային։ Նորէն քովը առնելով տասներկուքը, սկսաւ թուել անոնց՝ ինչ բաներ որ իրեն պիտի պատահէին.
33 Ու ըսաւ. «Ահա Երուսաղէմէն կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն
34 Եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։
35 Ապա անոր քով գացին Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ ու ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք որ քեզմէ ինչ որ խնդրենք՝ մեզի ընես»։
36 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի»։
37 Անոնք ալ ըսին իրեն. «Շնորհէ մեզի, որ նստինք մեզմէ մէկը՝ աջ կողմդ եւ միւսը՝ ձախ կողմդ քու փառքիդ մէջ»։
38 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Չէք գիտեր ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես կը խմեմ եւ այն մկրտութիւնովը մկրտուիլ՝ որով ես կը մկրտուիմ»։
39 Անոնք ըսին իրեն. «Կրնանք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այն գաւաթը որ ես կը խմեմ՝ պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք,
40 Բայց իմ աջ կողմս ու ձախ կողմս նստիլը՝ իմս չէ տալը, հապա որոնց որ պատրաստուած է»։
41 Ու երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին, սկսան Յակոբոսին ու Յովհաննէսին նեղանալ։
42 Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ անոնց. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց.
43 Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ.
44 Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ։
45 Քանզի Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու»։
46 Եկան Երիքով։ Երբ Երիքովէն կ’ելլէր աշակերտներովը եւ շատ բազմութիւնով, Տիմէոսի որդին կոյր Բարտիմէոս ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։
47 Երբ լսեց թէ Յիսուս Նազովրեցին է, սկսաւ աղաղակել ու ըսել. «Յիսո՛ւս, որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։
48 Շատեր կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ։ Բայց անիկա ա՛լ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւիթի, ողորմէ ինծի»։
49 Յիսուս կանգ առնելով՝ ըսաւ որ զանիկա կանչեն։ Կանչեցին կոյրը ու ըսին անոր. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ»։
50 Անիկա իր հանդերձը ձգելով, ելաւ ու եկաւ Յիսուսին։
51 Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» Կոյրը ըսաւ. «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։
52 Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ շուտ մը անոր աչքերը բացուեցան ու ճամբան Յիսուսին ետեւէն կ’երթար։