ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 12

Ապա շարունակեց առակներով խօսիլ անոնց հետ ու ըսել. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։
2 Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։
3 Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։
4 Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։
5 Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին։
6 Ուստի՝ սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. «Թերեւս ամչնան իմ որդիէս»։
7 Բայց այն մշակները ըսին իրարու. «Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ»։
8 Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին ու այգիէն դուրս հանեցին։
9 Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ։ Պիտի գայ ու կորսնցնէ մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ։
10 Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’.
11 Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն»։
12 Մտածեցին բռնել զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ եւ ձգեցին զանիկա ու գացին։
13 Եւ Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները քանի մը հոգի ղրկեցին անոր, որպէս զի խօսքով բռնեն զանիկա։
14 Անոնք եկան ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտասէր ես եւ մէկո՛ւն համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես. Կայսրին տուրք տալ օրինաւո՞ր է։ Տա՞նք թէ չտանք»։
15 Յիսուս գիտնալով անոնց կեղծաւորութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը որ տեսնեմ»։
16 Անոնք բերին։ Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն է այս պատկերը ու գիրը»։ Անոնք ըսին. «Կայսրին»։
17 Յիսուս պատասխան տալով ըսաւ անոնց. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»։ Ու զարմացան անոր վրայ։
18 Անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ անոր հարցուցին՝ ըսելով.
19 «Վարդա՛պետ, Մովսէս մեզի գրեց թէ՝ ‘Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի ու կինը ձգէ եւ զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։
20 Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ եւ զաւակ չունեցաւ։
21 Երկրորդը առաւ զանիկա ու մեռաւ։ Ան ալ զաւակ չունեցաւ. նոյնպէս ալ երրորդը։
22 Ու եօթն ալ զանիկա առին եւ զաւակ չունեցան. ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։
23 Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։
24 Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։
25 Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։
26 Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։
27 Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք»։
28 Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։
29 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’.
30 ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։
31 Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։
32 Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ.
33 Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։
34 Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։
35 Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր՝ ըսաւ. «Դպիրները ինչպէ՞ս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։
36 Ինք՝ Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։
37 Ուրեմն Դաւիթ ինք որ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Ժողովուրդէն շատերը յօժարութեամբ մտիկ կ’ընէին անոր։
38 Իր վարդապետութեանը մէջ կ’ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն
39 Ու ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները.
40 Որոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն։ Ասոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։
41 Եւ Յիսուս գանձանակին քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։
42 Աղքատ որբեւարի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։
43 Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց.
44 Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։