ՄԱՐԿՈՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16


Գլուխ 15

Առտուն՝ շուտ մը քահանայապետները՝ ծերերուն ու դպիրներուն հետ եւ բոլոր ժողովն ալ խորհուրդ ըրին, Յիսուսը կապեցին ու տարին մատնեցին Պիղատոսին։
2 Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրէից թագաւորը»։ Անիկա ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Դո՛ւն կ’ըսես»։
3 Եւ քահանայապետները շատ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայով։
4 Պիղատոս նորէն հարցուց անոր՝ ըսելով. «Պատասխան մը չե՞ս տար. նայէ ո՞րչափ քեզի դէմ կը վկայեն»։
5 Յիսուս տակաւին պատասխան մը չտուաւ, այնպէս որ Պիղատոս զարմացաւ։
6 Տօնին ատենը կապուած մը կ’արձակէր անոնց, ո՛րը որ իրենք ուզէին։
7 Մէկը կար Բարաբբա անունով՝ իր ընկեր խռովարարներուն հետ կապուած, որոնք խռովութեան ատենը մարդասպանութիւն ըրեր էին։
8 Ժողովուրդը աղաղակելով՝ սկսաւ խնդրել որ ընէ, ինչպէս միշտ կ’ընէր իրենց։
9 Եւ Պիղատոս անոնց դարձաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։
10 Քանզի գիտէր թէ քահանայապետները նախանձի համար մատներ էին զանիկա։
11 Քահանայապետները ժողովուրդը գրգռեցին որ խնդրեն Բարաբբան արձակել։
12 Նորէն Պիղատոս հարցուց ու ըսաւ անոնց. «Հապա Հրէից թագաւորը ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ»։
13 Անոնք աղաղակեցին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։
14 Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։
15 Պիղատոս ժողովուրդը գոհացնել ուզելով՝ Բարաբբան արձակեց անոնց ու Յիսուսը ծեծելով՝ անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի։
16 Զինուորները ներս տարին զանիկա գաւիթը, այսինքն պալատը եւ բոլոր գունդը մէկտեղ կանչեցին,
17 Ու հագցուցին անոր ծիրանիներ եւ փշեղէն պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին։
18 Ու սկսան բարեւ տալ անոր ու ըսել. «Ողջո՛յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։
19 Անոր գլուխը եղէգով կը ծեծէին ու կը թքնէին անոր վրայ եւ ծունկի վրայ գալով երկրպագութիւն կ’ընէին անոր։
20 Երբ ծաղր ըրին զանիկա, ծիրանիները վրայէն հանեցին եւ իր հանդերձները հագցուցին անոր ու դուրս հանեցին զանիկա՝ որպէս զի խաչը հանեն։
21 Եւ Սիմոն Կիւրենացին, Աղեքսանդրոսին եւ Ռուփոսին հայրը, որ ատկէ կ’անցնէր արտէն եկած, ստիպեցին որ անոր խաչը վերցնէ։
22 Ու տարին զանիկա Գողգոթա ըսուած տեղը, (որ կը թարգմանուի Գանկի տեղ,)
23 Եւ անոր զմուռսով խառնուած գինի տուին որ խմէ, բայց ինք չառաւ։
24 Ու խաչը հանեցին զանիկա եւ անոր հանդերձները բաժնեցին՝ անոնց վրայ վիճակ ձգելով թէ՝ ո՞վ ի՛նչ պիտի առնէ։
25 Ժամը երեքն էր ու խաչը հանեցին զանիկա։
26 Անոր յանցանքի գիրը գրուած էր թէ «Հրէից թագաւորն է»։
27 Ու անոր հետ երկու աւազակ խաչը հանեցին. մէկը անոր աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը։
28 Եւ կատարուեցաւ գրուածը որ կ’ըսէ. «Անօրէններու հետ սեպուեցաւ»։
29 Եւ անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին ու կ’ըսէին. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։
30 Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։
31 Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն հետ իրենց մէջ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։
32 Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէս զի տեսնենք ու հաւատանք»։ Եւ իրեն հետ խաչուողները կը նախատէին զանիկա։
33 Վեցերորդ ժամը հասածին պէս՝ բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։
34 Իններորդ ժամուն՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ կը թարգմանուի՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։
35 Եւ քովը կայնողներէն ոմանք երբ լսեցին՝ ըսին թէ՝ Եղիան կը կանչէ։
36 Ու մէկը վազեց սպունգ մը քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցնելով՝ տուաւ անոր որպէս զի խմէ եւ ըսաւ. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու»։
37 Յիսուս մեծ ձայն մը հանեց ու հոգին տուաւ։
38 Տաճարին վարագոյրը երկուքի պատռուեցաւ վերէն վար։
39 Հարիւրապետը, որ անոր դէմ կեցեր էր, տեսնելով որ այսպէս աղաղակելով հոգի տուաւ, ըսաւ. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը»։
40 Կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն,
41 Որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Ուրիշ շատ կիներ ալ՝ որոնք իրեն հետ Երուսաղէմ ելեր էին։
42 Երբ իրիկուն եղաւ, այն օրը ուրբաթ էր, այսինքն շաբաթին առջի օրը,
43 Յովսէփ Արիմաթացի, երեւելի խորհրդական մը, որ ինքն ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր, եկաւ ու համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց։
44 Պիղատոս զարմացաւ որ արդէն մեռած է։ Հարիւրապետը իրեն կանչելով՝ հարցուց անոր. «Շա՞տ ատեն է որ մեռաւ»։
45 Երբ ան ստոյգը իմացաւ հարիւրապետէն, մարմինը Յովսէփին շնորհեց։
46 Յովսէփ կտաւ գնեց ու զանիկա վար իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու դրաւ գերեզմանի մը մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ քար մը գլորեց գերեզմանին դուռը։
47 Իսկ Մարիամ Մագդաղենացին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը տեսան այն տեղը, ուր դրուեցաւ։