ԵՍԹԵՐ
Գլուխ 1
Ասուերոս թագաւորը, որ Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա հարիւր քսանըեօթը գաւառի վրայ կը թագաւորէր՝
2 Իր թագաւորութեան երրորդ տարին՝ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ կոչունք մը տուաւ բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն։
3 Եւ Մարերու ու Պարսիկներու մեծերը, նախարարներն ու գաւառներու իշխանները անոր առջեւ էին։
4 Այն ատեն շատ օրեր, այսինքն հարիւր ութսուն օր, իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնն ու իր մեծութեան պատուական շքեղութիւնը ցուցուց։
5 Երբ այն օրերը լմնցան, թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդին, մեծէն մինչեւ պզտիկին, թագաւորական պալատին պարտէզին գաւիթին մէջ եօթը օր կոչունք տուաւ։
6 Ճերմակ բեհեզէ, կերպասէ ու կապուտակէ վարագոյրներ՝ բարակ քթանէ եւ ծիրանեգոյն չուաններով ու արծաթէ օղակներով՝ մարմարիոն սիւներէ կախուած էին եւ պորփիւրէ, ճերմակ մարմարիոնէ, ալապաստրէ ու սեւ մարմարիոնէ յատակի վրայ ոսկիէ ու արծաթէ նստարաններ շարուած էին։
7 Խմելիքները ոսկիէ ամաններով ու տեսակ տեսակ ամաններով կու տային։ Թագաւորական գինին առատ էր, ինչպէս թագաւորին կը վայլէր՝ ՝։
8 Խմելիքը կանոնաւոր էր, բռնադատող չկար. վասն զի թագաւորը այսպէս հրամայեր էր իր տանը բոլոր վերակացուներուն, որ ամէն մէկուն ուզածին պէս ընեն։
9 Վաշթի թագուհին ալ Ասուերոս թագաւորին պալատին մէջ կիներուն կոչունք տուաւ։
10 Եօթներորդ օրը, երբ թագաւորին սիրտը գինիէն զուարթացեր էր, իր առջեւ ծառայութիւն ընող եօթը ներքինիներուն՝ Մէհումանին, Բիզթային, Արբոնային, Բիգթային, Աբագթային, Զեթարին ու Քարքասին ըսաւ,
11 Որ Վաշթի թագուհին իր արքայական թագովը թագաւորին առջեւ բերեն, որպէս զի ժողովուրդներն ու իշխանները անոր գեղեցկութիւնը տեսնեն. վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։
12 Բայց Վաշթի թագուհին ներքինիներուն միջոցով եղած թագաւորին հրամանին մերժեց հնազանդիլ։ Թագաւորը խիստ սրդողեցաւ ու իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
13 Այն ատեն թագաւորը ժամանակները գիտցող իմաստուններուն ըսաւ (վասն զի թագաւորը ամէն օրէնք ու իրաւունք գիտցողներուն խորհուրդ կը հարցնէր։
14 Մարերու ու Պարսիկներու եօթը իշխանները, Կարսենան, Սեթարը, Ադմաթան, Թարսիսը, Մերէսը, Մարսենան եւ Մեմուքան, որոնք անոր մօտ էին ու թագաւորին երեսը կը տեսնէին, թագաւորութեան առաջին խորհրդականներն էին).
15 Օրէնքով ի՞նչ պէտք է ընել Վաշթի թագուհիին. քանի որ Ասուերոս թագաւորին ներքինիներուն միջոցով ղրկած հրամանը չկատարեց»։
16 Այն ատեն Մեմուքան՝ թագաւորին ու իշխաններուն առջեւ ըսաւ. «Վաշթի թագուհին ո՛չ միայն թագաւորին դէմ, հապա բոլոր իշխաններուն դէմ ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող բոլոր ժողովուրդներուն դէմ յանցանք գործեց.
17 Վասն զի թագուհիին ըրածը բոլոր կիներուն մէջ տարածուելով, անոնք իրենց այրերը պիտի անարգեն, ըսելով. ‘Ասուերոս թագաւորը հրամայեց, որ Վաշթի թագուհին իր առջեւ գայ, բայց անիկա չեկաւ’։
18 Եւ այսօր թագուհիին ըրածը լսող Մարերու եւ Պարսիկներու տիկինները թագաւորին բոլոր իշխաններուն այսպէս պիտի ըսեն ու խիստ շատ անարգանք ու հակառակութիւն պիտի ծագի։
19 Արդ՝ եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, իր կողմէ հրովարտակ մը հանուի եւ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքներուն մէջ դրուի, որպէս զի չփոխուի, որ Վաշթի անգամ մըն ալ Ասուերոս թագաւորին առջեւ չգայ ու թագաւորը անոր տիկնութիւնը անկէ աղէկ եղող ուրիշ կնոջ մը տայ։
20 Ու երբ թագաւորին հրամանը լսուի իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ, որ շատ ընդարձակ է, բոլոր կիները, մեծէն մինչեւ պզտիկը իրենց այրերը պիտի պատուեն»։
21 Այս խօսքը թագաւորին ու իշխաններուն հաճոյ երեւցաւ ու թագաւորը Մեմուքանին ըսածին պէս ըրաւ։
22 Թագաւորին բոլոր գաւառներուն, ամէն մէկ գաւառին իր գրովը ու ամէն մէկ ժողովուրդին իր լեզուովը նամակներ ղրկեց, որ ամէն մարդ իր տանը մէջ տէր ըլլայ ու իր ժողովուրդին լեզուովը խօսի։