ԵՍԹԵՐ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10


Գլուխ 5

Երրորդ օրը Եսթեր իր թագաւորական զգեստները հագաւ ու թագաւորին տանը ներքին գաւիթին մէջ՝ թագաւորին տանը առջեւ կեցաւ։ Թագաւորը թագաւորական պալատին մէջ՝ պալատին դրանը առջեւ իր թագաւորական աթոռին վրայ նստեր էր։
2 Երբ թագաւորը Եսթեր թագուհին տեսաւ, որ գաւիթին մէջ կը կենար, Եսթեր շնորհք գտաւ անոր առջեւ եւ թագաւորը իր ձեռքը եղած ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց։ Եսթեր մօտեցաւ ու գաւազանին ծայրին դպաւ։
3 Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ ու ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի»։
4 Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ»։
5 Թագաւորը ըսաւ. «Շուտով Համանը կանչեցէք, որպէս զի Եսթերին ըսածը կատարէ»։ Թագաւորը Համանին հետ Եսթերին ըրած կոչունքին գնաց։
6 Երբ գինի կը խմէին, թագաւորը Եսթերին ըսաւ. «Ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի, ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։
7 Եսթեր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ աղաչանքս ու խնդիրքս այս է։
8 Եթէ թագաւորին առջեւ շնորհք գտայ ու եթէ թագաւորը կը հաճի իմ խնդիրքս շնորհել ու իմ աղաչանքս կատարել, թող թագաւորն ու Համան նորէն իրենց համար ընելու կոչունքիս գան ու վաղը թագաւորին խօսքին պէս ընեմ»։
9 Համան այն օրը զուարթ եւ ուրախ սրտով դուրս ելաւ. բայց երբ Համան թագաւորին դրանը մէջ Մուրթքէն տեսաւ, որ ոտքի չէր ելլեր ու իր տեղէն չէր շարժեր, Համանին սիրտը շատ նեղացաւ Մուրթքէին համար,
10 Բայց Համան ինքզինք զսպելով իր տունը գնաց ու մարդ ղրկեց իր բարեկամներն ու կինը՝ Զերէսը՝ կանչել տուաւ։
11 Համան պատմեց անոնց իր հարստութեանը փառքը ու իր որդիներուն շատութիւնը եւ այն ամէն բաները, որոնցմով թագաւորը զինք մեծցուցեր էր եւ թէ ի՛նչպէս իշխաններէն ու թագաւորին ծառաներէն աւելի բարձրացուցեր էր։
12 Համան ըսաւ. «Նաեւ Եսթեր թագուհին թագաւորին հետ ինծմէ զատ մէ՛կը չհրաւիրեց իր պատրաստած կոչունքին ու վաղուան համար ալ զիս թագաւորին հետ հրաւիրեց։
13 Բայց այս ամենէն բնաւ գոհ չեմ, քանի որ Հրեայ Մուրթքէն թագաւորին դուռը նստած կը տեսնեմ»։
14 Անոր կինը Զերէս ու անոր բոլոր բարեկամները անոր ըսին. «Յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտ մը թող շինուի ու վաղը առտու թագաւորին ըսէ, որ Մուրթքէն անոր վրայ կախուի եւ դուն թագաւորին հետ ուրախ սրտով կոչունքին գնա»։ Այս խօսքը Համանին հաճոյ երեւցաւ ու փայտը պատրաստեց։