ԵՍԹԵՐ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10


Գլուխ 6

Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ ու հրամայեց, որ դիպուածները պատմող յիշատակներու գիրքը բերեն ու թագաւորին առջեւ կարդան։
2 Ու հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ՝ դրանը պահպանութիւն ընող՝ թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիգթանին ու Թարէսին, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին։
3 Թագաւորը ըսաւ. «Ասոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծութիւն տրուեցաւ Մուրթքէին»։ Ու թագաւորին ծառայութիւն ընող պատանիները ըսին. «Անոր բան մը չեղաւ»։
4 Թագաւորը ըսաւ. «Գաւիթը ո՞վ կայ» (ու Համան թագաւորին պալատին դուրսի գաւիթը եկեր էր թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ, որ ինք անոր համար պատրաստեր էր)։
5 Թագաւորին պատանիները անոր ըսին. «Ահա Համան գաւիթը կը սպասէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Թող ներս գայ»։
6 Երբ Համան ներս մտաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ ընել պէտք է այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ»։ Համան իր սրտին մէջ ըսաւ. «Թագաւորը ինծմէ զատ ուրիշ որո՞ւ պատիւ ընել պիտի ուզէ»։
7 Համան ըսաւ թագաւորին. «Այն մարդուն համար, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ,
8 Թագաւորին հագած թագաւորական զգեստն ու թագաւորին հեծած ձին ու անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը թող բերեն.
9 Զգեստն ու ձին թագաւորին խիստ պատուաւոր իշխաններէն մէկուն ձեռքը թող տրուի ու հագցնեն այն մարդուն՝ որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ ու ձիուն վրայ հեծցնեն եւ քաղաքին փողոցին մէջէն անցնեն ու առջեւէն կանչեն ու ըսեն՝ ‘Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ’»։
10 Այն ատեն թագաւորը Համանին ըսաւ. «Շուտով ըսածիդ պէս զգեստն ու ձին առ ու թագաւորին դուռը նստող Հրեայ Մուրթքէին ըսածիդ պէս ըրէ. քու ըսածէդ բնաւ բան մը պակաս չըլլայ»։
11 Համան զգեստն ու ձին առաւ ու զգեստը Մուրթքէին հագցնելով՝ զանիկա ձիուն վրայ հեծցուց եւ քաղաքին փողոցէն անցուց ու առջեւէն կը կանչէր՝ «Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ»։
12 Եւ Մուրթքէ թագաւորին դուռը դարձաւ. բայց Համան տրտում ու գլուխը ծածկած՝ շուտով իր տունը քաշուեցաւ։
13 Համան իր կնոջ Զերէսին ու բոլոր բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իր գլխուն եկած էր։ Անոր իմաստուններն ու անոր կինը Զերէս անոր ըսին. «Եթէ Մուրթքէ (որուն առջեւ դուն իյնալու սկսար) Հրեաներու ազգէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջեւ անշուշտ պիտի իյնաս»։
14 Երբ անոնք տակաւին անոր հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան, որպէս զի Համանը շուտով Եսթերին պատրաստած կոչունքին տանին։