ԵՍԹԵՐ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10


Գլուխ 9

Տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը թագաւորին խօսքին ու հրամանին կատարուելու ժամանակը հասնելով՝ մինչ Հրեաներուն թշնամիները կը յուսային անոնց վրայ տիրել, ներհակը պատահեցաւ. վասն զի Հրեաները իրենց թշնամիներուն վրայ տիրեցին։
2 Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ Հրեաները իրենց քաղաքներուն մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց չարիք ուզողներուն վրայ ձեռք երկնցնեն ու ամենեւին մէկը չկրցաւ անոնց դէմ կենալ, վասն զի անոնց վախը բոլոր ժողովուրդներուն վրայ ինկեր էր։
3 Գաւառներուն բոլոր իշխաններն ու նախարարները եւ կուսակալներն ու թագաւորին գործակալները Հրեաներուն ձեռնտու էին. վասն զի անոնց վրայ Մուրթքէին վախը ինկեր էր։
4 Քանզի Մուրթքէ թագաւորին պալատին մէջ մեծ էր ու անոր համբաւը բոլոր գաւառները տարածուեր էր. վասն զի Մուրթքէ երթալով կը մեծնար։
5 Հրեաները իրենց բոլոր թշնամիները սրով մեռցուցին ու խիստ մեծ կոտորած ըրին ու զիրենք ատողներուն իրենց ուզածին պէս ըրին։
6 Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ մեռցուցին.
7 Նաեւ Փարսանդաթանը, Դաղփոնը, Ասփաթան,
8 Փորաթանը, Ադալիան, Արիդաթան,
9 Փարմասթան, Արիսային, Արիդային ու Վայեզաթան,
10 Հրեաներու թշնամիին, Ամադաթայի որդիին Համանին, տասը տղաքները մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։
11 Այն օրը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ մեռցուածներուն հաշիւը թագաւորին առջեւ եկաւ։
12 Թագաւորը Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ ու Համանին տասը տղաքը մեռցնելով կորսնցուցին. թագաւորին միւս գաւառներուն մէջ ինչե՜ր ըրած պիտի ըլլան. հիմա ի՞նչ է խնդիրքդ. պիտի տրուի քեզի. ալ ի՞նչ աղաչանք ունիս. պիտի կատարուի»։
13 Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը կը հաճի, Շուշանի մէջ եղող Հրեաներուն հրաման տրուի, որ վաղն ալ այս օրուան հրովարտակին համեմատ ընեն ու Համանի տասը տղաքը փայտի վրայ կախուին»։
14 Թագաւորը ըսաւ, որ այնպէս ըլլայ ու Շուշանի մէջ հրամանը հրատարակուեցաւ ու Համանին տասը տղաքը կախուեցան։
15 Շուշանի մէջ եղող Հրեաները Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրն ալ հաւաքուեցան ու Շուշանի մէջ երեք հարիւր մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։
16 Եւ թագաւորին գաւառներուն մէջ եղող միւս Հրեաները հաւաքուեցան ու իրենց կեանքը պաշտպանեցին եւ իրենց թշնամիներէն հանգստացան ու զիրենք ատողներէն եօթանասունըհինգ հազար մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։
17 Ասիկա Ադար ամսուան տասնըերեքերորդ օրը եղաւ եւ անոր տասնըչորրորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։
18 Իսկ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները այն ամսուան տասնըերեքերորդ օրը ու տասնըչորրորդ օրը հաւաքուեցան ու տասնըհինգերորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։
19 Այս պատճառով գիւղացի Հրեաները անպարիսպ գիւղաքաղաքներու մէջ բնակողները, Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ուրախութեան, կոչունքի ու տօնախմբութեան օր կ’ընեն ու այն օրը ամէն մարդ իր բարեկամին ընծաներ կը ղրկէ։
20 Մուրթքէ այս բաները գրեց ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ մօտ ու հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն թուղթեր ղրկեց,
21 Պատուիրելով անոնց, որ ամէն տարի Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ու անոր տասնըհինգերորդ օրը տօն կատարեն
22 (Քանի որ այդ օրերուն Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան եւ այդ ամսուն անոնց տրտմութիւնը՝ ուրախութեան ու անոնց սուգը ցնծութեան փոխուեցաւ), զանոնք կոչունքի եւ ուրախութեան օրեր ընեն, որոնց մէջ ամէն մարդ իր բարեկամին՝ ընծաներ ու աղքատներուն պարգեւներ ղրկեն։
23 Հրեաները խոստացան իրենց սկսածին ու Մուրթքէին իրենց գրածին պէս ընել։
24 Վասն զի բոլոր Հրեաներուն թշնամին Ագագացի Ամադաթայի որդին Համան Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ ու զանոնք բնաջինջ ընելու եւ կորսնցնելու համար Փուր, այսինքն վիճակ ձգեց։
25 Բայց երբ Եսթերը թագաւորին առջեւ գնաց, թագաւորը հրովարտակով հրամայեց, որ Հրեաներուն դէմ Համանի ըրած չար ծրագիրը իրեն գլուխը դառնայ եւ զանիկա ու անոր տղաքը փայտի վրայ կախեն։
26 Ասոր համար այն օրերը Փուր անունէն Փուրիմ ըսուեցան եւ այս պատճառով այս թուղթին խօսքերուն համար, անոնց տեսած ու անոնց պատահած բաներուն համար
27 Հրեաները որոշեցին ու իրենց եւ իրենց սերունդին ու բոլոր իրենց միացողներուն օրէնք դրին, որ ամէն տարի այն երկու օրը, իրենց տրուած թելադրանքներուն համաձայն, անպատճառ տօն պահեն։
28 Այս օրերը ամէն դարու մէջ, ամէն ազգատոհմի մէջ, ամէն գաւառի մէջ ու ամէն քաղաքի մէջ թող յիշուին ու պահուին եւ այս Փուրիմի օրերը Հրեաներէն յիշուին ու անոնց յիշատակը իրենց սերունդէն չվերնայ։
29 Աբիքէլի աղջիկը Եսթեր թագուհին ու Հրեայ Մուրթքէն Փուրիմը հաստատելու համար այս երկրորդ նամակը կատարեալ իշխանութեամբ գրեցին.
30 Ասուերոսի թագաւորութեան հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն՝ խաղաղութեան ու հաւատարմութեան խօսքերով թուղթեր ղրկեցին,
31 Որ այս Փուրիմի օրերը իրենց որոշ ժամանակին մէջ հաստատեն, ինչպէս Հրեայ Մուրթքէն ու Եսթեր թագուհին անոնց պատուիրեցին ու ինչպէս Հրեաները իրենց համար ու իրենց սերունդին համար ծոմապահութեան ու իրենց աղաղակին վերաբերեալ բաները հաստատեցին։
32 Այսպէս Եսթերի հրամանը այս Փուրիմին պահպանութիւնը հաստատեց ու գրքին մէջ գրուեցաւ։