ԵՍԹԵՐ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10


Գլուխ 8

Այն օրը Ասուերոս թագաւորը Հրեաներու թշնամիին Համանին տունը Եսթեր թագուհիին պարգեւեց ու Մուրթքէն թագաւորին առջեւ եկաւ, վասն զի Եսթեր թագաւորին յայտներ էր թէ անիկա իրեն ի՛նչ ազգական էր։
2 Եւ թագաւորը առաւ իր մատանին, որ Համանէն հաներ էր ու զանիկա Մուրթքէին տուաւ ու Եսթեր Համանին տանը վրայ դրաւ Մուրթքէն։
3 Եսթեր նորէն թագաւորին առջեւ խօսեցաւ ու անոր ոտքերը ինկաւ եւ լալով անոր աղաչեց որ Ագագացի Համանին չարութիւնը ու Հրեաներուն դէմ պատրաստած ծրագիրը խափանէ։
4 Թագաւորը ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց ու Եսթեր ելաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ
5 Ու ըսաւ. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու ես քու առջեւդ շնորհք գտայ ու եթէ այս բանը թագաւորին առջեւ ուղիղ կ’երեւնայ ու ես քու աչքերուդ հաճոյ եմ, թող գրուի որ Ագագացի Ամադաթային որդիին Համանին ծրագիրը, այսինքն թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար անոր գրած հրովարտակները, խափանուին։
6 Վասն զի իմ ժողովուրդիս վրայ գալու չարիքը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել. իմ ազգականներուս կորուստը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել»։
7 Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու Հրեայ Մուրթքէին ըսաւ. «Ահա Համանին տունը Եսթերին պարգեւեցի ու զանիկա փայտի վրայ կախեցին՝ Հրեաներուն վրայ ձեռք երկնցնելուն համար։
8 Եւ դուք Հրեաներուն համար ձեզի հաճոյ երեւցածը թագաւորին անունովը գրեցէք ու թագաւորին մատանիովը կնքեցէ՛ք. վասն զի թագաւորին անունովը գրուած ու թագաւորին մատանիովը կնքուած հրովարտակը չի խափանուիր»։
9 Այն ատեն երրորդ ամսուան, այսինքն Սիվան ամսուան, քսանըերեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու Հրեաներուն ու Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա եղող գաւառներուն, հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն, նախարարներուն եւ կուսակալներուն ու իշխաններուն, ամէն գաւառին իր գրովը ու ամէն ազգին իր լեզուովը ու Հրեաներուն իրենց գրովը ու լեզուովը գրուեցաւ՝ Մուրթքէին բոլոր հրամայածին պէս։
10 Ասուերոս թագաւորին անունովը գրեց ու թագաւորին մատանիովը կնքեց եւ ձիերու, նժոյգներու ու մատակ ձիերու, ջորիներու վրայ հեծած սուրհանդակներով հրովարտակներ ղրկեց,
11 Որոնցմով թագաւորը բոլոր քաղաքներու Հրեաներուն հրաման տուաւ որ հաւաքուին ու իրենց կեանքը պաշտպանեն եւ իրենց վրայ յարձակող ազգին ու գաւառին բոլոր մարդիկը, տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը յափշտակեն։
12 Մէկ օրուան մէջ՝ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ, տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը։
13 Հրովարտակին պատուէրը այս էր, որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի Հրեաները նոյն օրը իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու պատրաստ ըլլան։
14 Սուրհանդակները նժոյգներու ու ջորիներու վրայ հեծան ու թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ արտորացին ճամբայ ելլելու ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։
15 Մուրթքէն ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով եւ ոսկիէ մեծ թագով ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով եւ Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ։
16 Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, ցնծութիւն ու պատիւ ունեցան։
17 Բոլոր գաւառներուն մէջ ու բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ ուր թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները ուրախութիւն ու ցնծութիւն ունեցան եւ կոչունքի ու տօնախմբութեան օր ըրին ու երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, վասն զի անոնց վրայ Հրեաներուն վախը ինկաւ։