ԵՍԹԵՐ
Գլուխ 7
Թագաւորը Համանին հետ Եսթեր թագուհիին քով կոչունքի գնաց։
2 Թագաւորը երկրորդ օրն ալ գինի խմելու ատեն Եսթերին ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի եւ ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։
3 Եսթեր թագուհին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի.
4 Վասն զի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել»։
5 Ասուերոս թագաւորը խօսեցաւ ու Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։
6 Եսթեր ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Ու Համան թագաւորին ու թագուհիին երեսէն խիստ վախցաւ։
7 Թագաւորը գինի խմելէն բարկութեամբ ելաւ, պալատին պարտէզը գնաց. բայց Համան հոն մնաց, որպէս զի իր անձին համար Եսթեր թագուհիին աղաչէ. վասն զի տեսաւ, որ իր վրայ չարիքը հասած է թագաւորէն։
8 Թագաւորը երբ պալատին պարտէզէն կոչունքին սենեակը դարձաւ, Համան Եսթերին եղած բազմոցին վրայ ինկած էր ու թագաւորը ըսաւ. «Միթէ իմ տանս մէջ իմ քովս թագուհի՞ն ալ պիտի բռնաբարէ»։ Այս խօսքը թագաւորին բերնէն ելածին պէս Համանին երեսը ծածկեցին։
9 Այն ատեն Արբոնա, ներքինիներէն մէկը, թագաւորին առջեւ ըսաւ. «Ահա այն յիսուն կանգուն բարձր փայտը, որ Համան թագաւորին բարերարութիւն ընող Մուրթքէին համար պատրաստեց, Համանի տանը մէջ կը կենայ»։ Ու թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա անոր վրայ կախեցէ՛ք»։
10 Եւ Համանը Մուրթքէին համար պատրաստած փայտին վրայ կախեցին։ Այն ատեն թագաւորին բարկութիւնը իջաւ։