ԵՍԹԵՐ
Գլուխ 4
Երբ Մուրթքէ բոլոր եղածները իմացաւ, իր հանդերձները պատռեց, քուրձ հագաւ ու վրան մոխիր ցանեց ու քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ մեծ ու ողբալի ձայնով աղաղակեց
2 Ու թագաւորին դրանը առջեւ եկաւ կայնեցաւ. վասն զի քուրձ հագած մարդ մը չէր կրնար թագաւորին դռնէն ներս մտնել։
3 Բոլոր գաւառներուն մէջ, ուր որ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները մեծ սուգ կ’ընէին, ծոմ կը պահէին, կու լային ու կ’ողբային եւ շատերը քուրձի ու մոխիրի վրայ կը պառկէին։
4 Եսթերին աղախիններն ու ներքինիները եկան անոր պատմեցին։ Թագուհին մեծապէս խռովեցաւ ու հանդերձներ ղրկեց, որ Մուրթքէին հագցնեն ու անոր վրայէն քուրձը հանեն. բայց անիկա չընդունեց։
5 Եսթեր Հաթաքը կանչեց, որ թագաւորին ներքինիներէն մէկն էր (զոր թագաւորը անոր սպասաւոր տուեր էր) ու անոր հրամայեց, որ Մուրթքէէն հասկնայ թէ այս ի՛նչ պիտի ըլլայ ու ինչո՛ւ համար է։
6 Հաթաք Մուրթքէին գնաց, որ թագաւորին դրանը առջեւի հրապարակին մէջ էր։
7 Մուրթքէ բոլոր իրեն պատահած բաները անոր յայտնեց, նաեւ Համանին սակարկութիւնը՝ որով թագաւորին գանձէն արծաթ տալ խոստացեր էր Հրեաներուն համար, որպէս զի զանոնք կորսնցնէ։
8 Զանոնք կորսնցնելու համար Շուշանի մէջ հրատարակուած հրովարտակէն օրինակ մը անոր տուաւ, որպէս զի Եսթերին ցուցնէ ու հասկցնէ եւ անոր պատուիրէ որ թագաւորին քով երթայ եւ անոր աղաչէ ու անոր առջեւ իր ազգին համար ազատում խնդրէ։
9 Հաթաք գնաց ու Մուրթքէին խօսքերը Եսթերին պատմեց։
10 Եսթեր Հաթաքին հետ խօսեցաւ ու հրամայեց, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանի.
11 «Թագաւորին բոլոր ծառաները ու թագաւորին գաւառներուն ժողովուրդները աղէկ գիտեն, որ այր կամ կին մարդ մը եթէ չկանչուած՝ թագաւորին ներքին գաւիթը մտնէ, զանիկա մեռցնելու համար օրէնք մը կայ։ Անիկա միայն կ’ապրի, որուն որ թագաւորը իր ոսկի գաւազանը երկնցնէ։ Հիմա երեսուն օր է, որ ես թագաւորին քով մտնելու կանչուած չեմ»։
12 Եսթերին խօսքերը Մուրթքէին յայտնեցին։
13 Մուրթքէ ըսաւ, որ Եսթերին այսպէս պատասխան տանին. «Դուն մի՛ կարծեր թէ թագաւորին տունը ըլլալովդ՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դուն պիտի ազատիս։
14 Վասն զի այս ժամանակին մէջ եթէ դուն լռես, Հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը օգնութիւն ու ազատում պիտի գայ, բայց դուն ու քու հօրդ տունը պիտի կորսուիք եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար»։
15 Ու Եսթեր ըսաւ, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանին.
16 «Գնա՛, Շուշանին մէջ եղող բոլոր Հրեաները հաւաքէ՛ ու ինծի համար ծոմ պահեցէք, գիշեր ցորեկ երեք օր մի՛ ուտէք ու մի՛ խմէք. նոյնպէս ալ ես իմ աղախիններովս ծոմ կը պահեմ ու այնպէս թագաւորին առջեւ կ’ելլեմ, թէպէտեւ օրէնքի դէմ է ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ»։
17 Այն ատեն Մուրթքէ գնաց ու ըրաւ այն ամէնը, որ Եսթեր իրեն պատուիրեր էր։