ԵՍԹԵՐ
Գլուխ 2
Երբ Ասուերոս թագաւորին բարկութիւնը իջաւ, Վաշթին ու անոր ըրածը ու անոր դէմ եղած վճիռը յիշեց։
2 Թագաւորին ծառայութիւն ընող սպասաւորները ըսին. «Թագաւորին համար գեղեցիկ կոյս աղջիկներ փնտռենք
3 Ու թագաւորը իր թագաւորութեանը բոլոր գաւառներուն մէջ վերակացուներ թող դնէ, որպէս զի ամենէն գեղեցիկ կոյս աղջիկը ընտրեն ու Շուշան մայրաքաղաքը, կիներու տունը, թագաւորին ներքինիին, կիներու պահապան եղող Հեգէին ձեռքին տակ հաւաքեն ու անոնց մաքրութեանը համար պէտք եղած բաները տրուին։
4 Թագաւորին աչքին հաճոյ երեւցած աղջիկը Վաշթիին տեղ թագուհի ըլլայ»։ Այս խօսքը թագաւորին հաճելի եղաւ ու այնպէս ըրաւ։
5 Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հրեայ մարդ մը կար, որուն անունը Մուրթքէ էր, Բենիամինեան Կիսին որդիին Սեմէէին որդիին Յայիրին որդին էր։
6 Ասիկա Երուսաղէմէն գերի բերուած էր այն գերիներուն հետ, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գերած Յուդայի Յեքոնիա թագաւորին հետ բերուեցան։
7 Անիկա իր հօրեղբօրը աղջիկը Ադասսան, այսինքն Եսթերը, կը պահէր, վասն զի անիկա հայր ու մայր չունէր։ Այս աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր եւ անոր հօրն ու մօրը մեռնելէն ետքը՝ Մուրթքէ զանիկա իբրեւ աղջիկ առեր էր իր քով։
8 Երբ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը լսուեցաւ եւ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հեգէի ձեռքին տակ շատ աղջիկներ հաւաքուեցան, Եսթեր ալ թագաւորին պալատը, կիներու պահապան եղող Հեգէին պահպանութեանը յանձնուեցաւ։
9 Աղջիկը անոր հաճելի եղաւ ու անոր առջեւ շնորհք գտաւ եւ շուտով անոր մաքրութեան համար պէտք եղած բաներն ու անոր ռոճիկը ու թագաւորին պալատէն անոր տրուելու համար պատրաստուած եօթը աղախինները տուաւ անոր եւ զանիկա իր աղախիններուն հետ կիներու տանը ամենէն աղէկ տեղը փոխադրեց։
10 Եսթեր իր ազգն ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր, որ չյայտնէ։
11 Եւ Մուրթքէ ամէն օր կիներու տանը գաւիթին առջեւ կը պտըտէր, որպէս զի Եսթերին առողջութիւնն ու անոր ինչ ըլլալիքը իմանայ։
12 Երբ ամէն մէկ աղջկան կարգը կու գար Ասուերոս թագաւորին քով երթալու՝ կիներու սովորութեանը պէս տասներկու ամիսը լմննալէն ետքը, (որովհետեւ անոնց մաքրութեան օրերը այս կերպով, այսինքն վեց ամիս զմուռսի իւղով ու վեց ամիս անուշահոտ խունկերով ու կիներու մաքրութեանը վերաբերեալ բաներովը կը լմննար),
13 Աղջիկը թագաւորին քով կու գար. անիկա ինչ որ ուզէր՝ անոր կը տրուէր, որպէս զի իրեն հետ կիներու տունէն թագաւորին պալատը երթայ։
14 Անիկա իրիկունը կ’երթար ու առաւօտուն կիներուն միւս տունը, հարճերուն պահապանը եղող թագաւորին ներքինիին Սաասգազին ձեռքին տակ կը դառնար։ Անիկա անգամ մըն ալ թագաւորին քով չէր երթար, բայց միայն՝ եթէ թագաւորը անոր հաւնէր ու անիկա անունով կանչուէր։
15 Թագաւորին քով երթալու կարգը Մուրթքէին հօրեղբօրը Աբիքէլին աղջկանը՝ Եսթերին գալով (զոր Մուրթքէ իրեն աղջիկ ըրեր էր), կիներու պահապանը եղող թագաւորին Հեգէ ներքինիին ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց։ Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շհորհք գտաւ։
16 Եսթեր Ասուերոս թագաւորին քով՝ անոր թագաւորական պալատը առնուեցաւ տասներորդ ամիսը, այսինքն Թէբէթ ամսուան մէջ, անոր թագաւորութեանը եօթներորդ տարին։
17 Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ եւ թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ ու զանիկա Վաշթիին տեղ թագուհի ըրաւ։
18 Թագաւորը իր բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն մեծ կոչունք տուաւ, այսինքն Եսթերի կոչունք ու գաւառներուն հանգստութիւն շնորհեց եւ թագաւորի վայել պարգեւներ տուաւ։
19 Երբ երկրորդ անգամ աղջիկներ հաւաքեցին, Մուրթքէն թագաւորին դուռը կը նստէր։
20 Եսթեր իր ծնունդն ու իր ազգը յայտնած չէր, ինչպէս Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր. վասն զի Մուրթքէին ըսածը կ’ընէր՝ անոր քով մեծցած ատենուան պէս։
21 Այն օրերը երբ Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր, դրան պահապաններէն Բիգթան ու Թարէս, թագաւորին երկու ներքինիները, սրդողելով, Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել խորհեցան։
22 Մուրթքէ այս բանը իմանալով՝ Եսթեր թագուհիին յայտնեց ու Եսթեր Մուրթքէին անունովը թագաւորին պատմեց։
23 Այս բանը քննուելով ճշմարիտ գտնուեցաւ ու անոնց երկուքն ալ ծառէ մը կախուեցան ու թագաւորին ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցաւ։