ՆԷԵՄԵԱՅ
Գլուխ 13
Այն օրը Մովսէսին գրքէն կարդացուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց՝ ՝ ու հոն գրուած գտնուեցաւ, որ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ ժողովարանին մէջ յաւիտեան պէտք չէ մտնեն.
2 Որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց։
3 Երբ օրէնքին խօսքերը լսեցին, բոլոր օտար մարդիկը Իսրայէլէն զատեցին։
4 Բայց ասկէ առաջ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն վերակացուն՝ Եղիասիբ քահանան՝ Տուբիային հետ ազգական եղեր էր։
5 Անոր մեծ սենեակ մը շիներ էր այն տեղ, ուր առաջ հացի ընծաները, կնդրուկն ու անօթները ու Ղեւտացիներուն, երգողներուն եւ դռնապաններուն համար որոշուած ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները ու քահանաներուն տրուած ընծաները կը դնէին։
6 Այս բոլոր բաներուն ատենը ես Երուսաղէմ չէի, վասն զի Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսունըերկրորդ տարին թագաւորին գացի։ Ժամանակէ մը յետոյ թագաւորէն հրաման առի
7 Ու Երուսաղէմ գալով Եղիասիբին ըրած չարութիւնը իմացայ, որ Աստուծոյ տանը գաւիթին մէջ Տուբիային համար սենեակ մը շիներ էր։
8 Եւ շատ նեղուեցայ ու Տուբիային բոլոր կարասիները սենեակէն դուրս նետեցի
9 Եւ հրաման ըրի, որ սենեակները մաքրեն եւ Աստուծոյ տանը անօթներն ու հացի ընծան եւ կնդրուկը նորէն հոն դնեն։
10 Նաեւ իմացայ թէ Ղեւտացիներուն բաժինները տրուած չէին, վասն զի սպասաւորութիւն ընող Ղեւտացիները ու երգողները ամէնքն ալ իրենց ագարակները փախեր էին։
11 Անոր համար ոստիկանները յանդիմանեցի ու ըսի. «Աստուծոյ տունը ի՞նչ պատճառով այսպէս թողուած է» եւ Ղեւտացիները հաւաքեցի ու զանոնք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատեցի։
12 Բոլոր Յուդա ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները գանձարանները բերին
13 Եւ գանձարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան ու Սադովկ դպիրը ու Ղեւտացիներէն Փադայիան գանձապետ կարգեցի ու Մաթանիային որդիին Զաքուրին որդին Անանը անոնց հետ էր. վասն զի անոնք հաւատարիմ կը սեպուէին ու անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր։
14 Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար զիս յիշէ ու քու տանդ մէջ եւ անոր ծառայութեանը մէջ իմ ըրած բարեգործութիւններս մի՛ ջնջեր։
15 Այն օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ թէ շաբաթ օրը խաղող կը կոխէին ու ցորենի որաներ կը բերէին ու էշերու վրայ բեռ կը բեռցնէին, նաեւ գինի, խաղող, թուզ ու ամէն տեսակ բեռ տեսայ, որոնք շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին ու ես ուտելիք ծախած օրերնին զանոնք յանդիմանեցի՝ ՝։
16 Եւ հոն բնակող Տիւրացիները ձուկ ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին եւ շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կը ծախէին։
17 Յուդային ազնուականները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Այս ի՞նչ գէշ բան է որ դուք կ’ընէք ու շաբաթ օրը կը պղծէք։
18 Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին ու մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ եւ դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլին վրայ բարկութիւն կ’աւելցնէք»։
19 Ուստի շաբաթէն առաջ Երուսաղէմի դռներէն արեւը քաշուածին պէս՝ ՝, հրամայեցի որ դռները գոցուին. նաեւ հրամայեցի որ շաբաթը չանցած չբացուին ու դռներուն քով իմ մանչերէս կեցուցի, որպէս զի շաբաթ օրը ներսը բեռ չմտնէ։
20 Վաճառականներն ու ամէն տեսակ ապրանք ծախողները մէկ երկու անգամ գիշերը Երուսաղէմէն դուրս անցուցին։
21 Ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով. «Դուք ինչո՞ւ համար պարիսպին քով գիշերը կ’անցընէք. եթէ անգամ մըն ալ այդպէս ընէք, ձեռքս ձեր վրայ կը դնեմ»։ Անկէ յետոյ անգամ մըն ալ շաբաթ օրը չեկան։
22 Ղեւտացիներուն ըսի, որ զիրենք սրբեն ու շաբաթ օրը սուրբ պահելու համար երթան դռները պահպանութիւն ընեն։ Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ։
23 Այն օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ առեր էին
24 Ու անոնց տղաքը Եբրայերէն խօսիլը աղէկ չգիտնալով՝ կէս մը Ազովտացիներու լեզուով կը խօսէին, նմանապէս ուրիշ ազգերու լեզուներով։
25 Այս պատճառով զանոնք յանդիմանեցի ու զանոնք նզովեցի եւ անոնցմէ մէկ քանին ծեծեցի ու մազերնին փետտեցի եւ Աստուծոյ անունովը անոնց երդում ընել տուի՝ ըսելով. «Ձեր աղջիկները անոնց տղոցը պէտք չէ տաք ու անոնց աղջիկներէն ձեր տղոցը կամ ձեզի պէտք չէ առնէք։
26 Ասոնց պատճառով չէ՞ր, որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը մեղանչեց ու թէպետեւ շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար եւ իր Աստուծոյն սիրելի էր ու Աստուած զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ, սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին։
27 Եւ հիմա ձեզ թողո՞ւնք որ այս մեծ չարութիւնը շարունակէք ու օտարազգի կիներ առնելով՝ մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործէք»։
28 Եւ մեծ քահանային Եղիասիբին որդիին Յովիադային որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատին փեսան էր. անոր համար զանիկա քովէս վռնտեցի։
29 Ո՛վ Աստուած իմ, զանոնք յիշէ՝ քահանայութիւնը եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը պղծելուն համար։
30 Այսպէս զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեցի, անոնց ամէն մէկը իր պաշտօնին վրայ դնելով.
31 Նաեւ որոշուած ժամանակներուն բերուելու փայտի ընծային համար ու երախայրի պտուղներուն համար կարգադրութիւն ըրի։ Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛։