ՆԷԵՄԵԱՅ
Գլուխ 1
Աքազիայի որդիին Նէեմեային խօսքերը. «Քասղեւ ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, երբ ես Շուշան մայրաքաղաքն էի,
2 Անանի անունով եղբայրներէս մէկը ու քանի մը Յուդայի մարդիկ ինծի եկան։ Անոնց՝ գերութենէ ազատուած Հրեաներուն ու Երուսաղէմի մասին հարցուցի։
3 Եւ ինծի ըսին. ‘Գերութենէն ազատուածները գաւառին մէջ մեծ նեղութեան ու անարդարութեան մէջ են ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած եւ անոր դռները կրակով այրուած են’։
4 «Երբ այս խօսքերը լսեցի, նստայ լացի ու քանի մը օր սուգ բռնեցի եւ ծոմ պահելով երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի
5 Ու ըսի. ‘Ոհ, Տէ՛ր Աստուած երկնքի, որ մեծ ու ահեղ Աստուած ես ու քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ողորմութիւն կը ցուցնես,
6 Կ’աղաչեմ, քու ականջներդ թող մտիկ ընեն ու աչքերդ թող բաց ըլլան, որպէս զի լսես քու ծառայիդ աղօթքը որ քու ծառաներուդ՝ Իսրայէլի որդիներուն՝ համար, հիմա ցորեկ ու գիշեր քեզի կը մատուցանեմ, խոստովանելով Իսրայէլի որդիներուն մեղքը, որով քեզի դէմ մեղանչեցինք. քանզի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ հօրս տունը մեղք գործեցինք։
7 Արդարեւ մենք քու առջեւդ անօրէնութիւններ ըրինք ու քու ծառայիդ Մովսէսին տուած պատուիրանքներդ, կանոններդ ու օրէնքներդ չպահեցինք։
8 Սակայն, կ’աղաչեմ, յիշէ այն խօսքը, որ քու ծառայիդ Մովսէսին պատուիրեցիր. «Եթէ յանցանք ընէք՝ ես ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ.
9 Իսկ եթէ ինծի դառնաք ու իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք կատարէք, ձեզմէ ցրուածները եթէ երկրի ծայրն ալ ըլլան, զանոնք անկէ պիտի հաւաքեմ ու այն տեղը պիտի տանիմ՝ որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար»։
10 Եւ հիմա անոնք՝ քու մեծ ուժովդ ու զօրաւոր ձեռքովդ ազատուած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են։
11 Ո՜հ, Տէ՛ր, հիմա թող քու ականջդ լսէ քու ծառայիդ աղօթքը ու քու անունէդ վախնալու փափաք ունեցող ծառաներուդ աղօթքը եւ քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր ու այս մարդուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուր։ Վասն զի ես թագաւորին մատռուակն էի’»։