ՆԷԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 8

Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս՝ Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակը հաւաքուեցան ու Եզրաս դպիրին ըսին որ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը բերէ, որ Տէրը Իսրայէլին տուած էր։
2 Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը Եզրաս քահանան օրէնքներու գիրքը ժողովուրդին առջեւ բերաւ, որ այր ու կին մարդոցմէ ու լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն ունեցողներէ բաղկացած էր.
3 Զանիկա Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակին մէջ առտուընէ մինչեւ կէսօր այր ու կին մարդոց ու հասկցողներուն առջեւ կարդաց եւ բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները օրէնքներու գրքին տուեր էին։
4 Եզրաս դպիրը յատուկ ասոր հարմար շինուած տախտակէ բեմին վրայ կայնեցաւ ու անոր աջ կողմը՝ Մատաթիան, Սեման, Անանիան, Ուրիան, Քեղկիան ու Մաասիան եւ ձախ կողմը կեցան՝ Փադայիան, Միսայէլը, Մեղքիան, Հասումը, Ասբադանան, Զաքարիան ու Մեսուղամը։
5 Եզրաս գիրքը բացաւ բոլոր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ. վասն զի ինք բոլոր ժողովուրդէն բարձր էր ու զանիկա բացածին պէս բոլոր ժողովուրդը ոտքի ելաւ։
6 Այն ատեն Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին ու «Ամէ՜ն, Ամէ՜ն», ըսին եւ երեսնին գետինը ծռելով՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։
7 Յեսուն, Բանին, Սարաբիան, Յամինը, Ակկուղը, Սաբեթան, Ովդիան, Մաասիան, Կովղիտան, Ազարիան, Յովզաբադը, Անանը, Փաղայիան ու Ղեւտացիները օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին եւ ժողովուրդը կարգով կեցեր էր։
8 Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին։
9 Նէեմիա Աթարսաթան, որ կառավարիչն էր, Եզրաս քահանան ու դպիրը եւ ժողովուրդին հասկցնող Ղեւտացիները ժողովուրդին ըսին. «Այս օրը ձեր Տէր Աստուծոյն սուրբ օրն է, ուստի սուգ մի՛ ընէք ու մի՛ լաք». վասն զի բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին։
10 Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։
11 Այն ատեն Ղեւտացիները բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. «Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է ու մի՛ տրտմիք»։
12 Բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան։
13 Երկրորդ օրը՝ բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան։
14 Օրէնքներու գրքին մէջ գրուած գտան, թէ՝ Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր է, որ եօթներորդ ամսուան տօնին Իսրայէլի որդիները տաղաւարներու մէջ բնակին,
15 Նաեւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ հրատարակեն ու քարոզեն՝ ըսելով. «Լեռը ելէք ու ձիթենիի ոստեր, մայրի ծառի ոստեր ու մրտենիի ոստեր եւ արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր բերէ՛ք, որպէս զի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է»։
16 Ժողովուրդը ելաւ ու բերաւ ու ամէն մարդ իր տանիքին վրայ ու իր գաւիթին մէջ եւ Աստուծոյ տանը գաւիթներուն մէջ ու Ջուրի դրանը հրապարակին մէջ ու Եփրեմին դրանը հրապարակին մէջ՝ իրենց տաղաւարներ շինեցին։
17 Գերութենէ դարձող բոլոր ժողովուրդը տաղաւարներ շինեցին ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուին օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ այնպէս ըրած չէին ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ։
18 Առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր։