ՆԷԵՄԵԱՅ
Գլուխ 6
Երբ Սանաբաղատը, Տուբիան, Արաբացի Գեսամը ու մեր միւս թշնամիները լսեցին, որ ես պարիսպը շինեցի ու հոն փլած տեղ մը չմնաց (թէպէտեւ մինչեւ այն ատեն դռներուն փեղկերը դրած չէի),
2 Սանաբաղատն ու Գեսամը ինծի մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Եկո՛ւր, Ովնովին դաշտին գիւղերուն մէջ իրարու հետ տեսնուինք»։ Բայց անոնք ինծի չարութիւն ընել կը խորհէին։
3 Անոնց պատգամաւորներ ղրկեցի ու ըսի. «Ես մեծ գործով շատ զբաղած եմ ու չեմ կրնար իջնել։ Ինչո՞ւ համար գործը դադրի, երբ զանիկա թողում ու ձեզի գամ»։
4 Անոնք ինծի չորս անգամ այսպիսի խօսքեր ղրկեցին, ես ալ անոնց նոյն պատասխանը տուի։
5 Հինգերորդ անգամին Սանաբաղատը նոյն խօսքերով իր մանչը ինծի ղրկեց՝ ձեռքը բաց թուղթով մը,
6 Որուն մէջ այսպէս գրուած էր. «Ազգերու մէջ լսուեցաւ ու Գեսամը կ’ըսէ թէ դուն ու Հրեաները ապստամբիլ կը խորհիք. դուն անոր համար կը շինես պարիսպը, որ անոնց թագաւոր ըլլաս, ինչպէս կ’ըսուի՝ ՝։
7 Նաեւ Երուսաղէմի մէջ մարգարէներ հաստատեցիր, որպէս զի քարոզեն ու քեզի համար ըսեն՝ ‘Անիկա Հրէաստանի թագաւոր է’ ու հիմա այս խօսքերը թագաւորին ականջը պիտի հասնին. ուրեմն եկո՛ւր, որ մէկտեղ խորհուրդ ընենք»։
8 Բայց ես անոր մարդ ղրկեցի ու ըսի. «Իրականութիւնը քու ըսածիդ պէս չէ, հապա ատոնք դուն քեզմէ հնարեցիր»։
9 (Վասն զի անոնք մեզ կը վախցնէին, որպէս զի մեր ձեռքը թուլնայ ու գործը չկատարուի։ Ուստի, ո՛վ Տէր, իմ ձեռքերս ուժովցուր)։
10 Երբ ես Մետաբեէլին որդիին Դաղայիային որդիին Սեմայիային տունը մտայ, անիկա տանը մէջ գոցուած էր ու ըսաւ. «Եկո՛ւր մէկտեղ Աստուծոյ տունը, տաճարը երթանք ու տաճարին դռները գոցենք, վասն զի քեզ մեռցնելու պիտի գան։ Անոնք գիշերով պիտի գան քեզ մեռցնելու»։
11 Ես ըսի. «Միթէ ինծի պէս մարդը կը փախչի՞ եւ ո՞վ կայ ինծի պէս, որ տաճարը մտնէ ապրելու համար։ Չեմ մտներ»։
12 Աղէկ հասկցայ թէ Աստուած զինք ղրկած չէր, հապա իմ վրաս այս մարգարէութիւնը ինքնիրմէ խօսեցաւ. վասն զի Տուբիան ու Սանաբաղատը զանիկա վարձքով բռներ էին։
13 Անոր համար վարձքով բռներ էին զանիկա, որպէս զի ես վախնամ ու մեղանչեմ եւ ատոնք զիս բամբասելու ու իմ անունս աւրելու պատճառ մը ունենան։
14 Ո՛վ Աստուած իմ, Տուբիան ու Սանաբաղատը այս իրենց գործերուն համեմատ ու Նովադիա մարգարէուհին ու զիս վախցնող միւս մարգարէները յիշէ։
15 Պարիսպը Իլուլ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը՝ յիսունըերկու օրուան մէջ լմնցաւ։
16 Երբ մեր բոլոր թշնամիները լսեցին, մեր շուրջի բոլոր ազգերը վախցան ու շատ ամչցան ու իմացան որ այս գործը մեր Աստուծոյն օգնութիւնովը կատարուեցաւ։
17 Այն օրերը Յուդայի ազնուականներէն Տուբիային շատ նամակներ կ’երթային, Տուբիայէն ալ անոնց նամակներ կու գային.
18 Վասն զի Յուդայէն շատ մարդիկ անոր հետ երդումով միաբաներ էին. քանզի անիկա Արահեան Սեքենիային փեսան էր ու անոր որդին Յօհանան Բարաքիային որդիին Մեսուղամին աղջիկը առեր էր։
19 Նաեւ իմ առջեւս անոր աղէկութիւնները կը պատմէին ու իմ խօսքերս անոր կը հասցնէին։ Տուբիան ինծի նամակ ղրկեց զիս վախցնելու համար։