ՆԷԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13


Գլուխ 3

Մեծ քահանան Եղիասիբն ու անոր քահանայ եղբայրները ելան ու Ոչխարներու դուռը շինեցին։ Անոնք զանիկա օծեցին եւ անոր փեղկերը կանգնեցուցին ու զանիկա մինչեւ Մէային աշտարակը, մինչեւ Անանայէլին աշտարակը օծեցին։
2 Անոր քով Երիքովի մարդիկը շինեցին ու անոնց քով Իմրիի որդին Զաքուրը շինեց։
3 Ձուկերու դուռը Սենաային որդիները շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։
4 Անոնց քով Ակկուսին որդիին Ուրիային որդին Մերամօթը նորոգեց ու անոնց քով Մասիզեբէլի որդիին Բարաքիային որդին Մեսուղամը նորոգեց եւ անոնց քով Բաանային որդին Սադովկը նորոգեց։
5 Անոնց քով Թեկուացիները նորոգեցին. բայց անոնց մեծերը իրենց Տէրոջը գործին վիզերնին չծռեցին։
6 Հին դուռը Փասէին որդին Յովիադան ու Բասոդիային որդին Մեսուղամը նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։
7 Անոնց քով Գաբաւոնացի Մելատիան ու Մերոնոթացի Յադոն եւ Գաբաւոնի ու Մասփայի մարդիկը շինեցին՝ մինչեւ Գետին այս կողմը եղող իշխանին աթոռը։
8 Անոր քով ոսկերիչներէն Հարհայիային որդին Ոզիէլը նորոգեց ու անոր քով դեղագործներուն որդին Անանիան նորոգեց, բայց Երուսաղէմը՝ մինչեւ լայն պարիսպը՝ թողուցին։
9 Եւ անոնց քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը՝ Ովրի որդին Հռափայիան նորոգեց։
10 Անոնց քով ու իր տանը դէմ Հարումափին որդին Յեդայիան նորոգեց, անոր քով Ասաբանիային որդին Քետտուսը նորոգեց։
11 Միւս բաժինը ու փուռերուն աշտարակը Հարիմին որդին Մեղքիան ու Փաաթ-Մովաբին որդին Ասուբը նորոգեցին։
12 Անոր քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը, Ալօեսի որդին Սեղղումը՝ ինք ու իր աղջիկները նորոգեցին։
13 Ձորին դուռը Անոնն ու Զանովին բնակիչները նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին ու պարիսպէն հազար կանգուն շինեցին մինչեւ Աղբերուն դուռը։
14 Աղբերուն դուռը Բեթաքարմայի կողմերու իշխանը՝ Ռեքաբին որդին Մեղքիան նորոգեց ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց։
15 Աղբիւրին դուռը Մասփայի կողմերու իշխանը Քոլոզէին որդին Սեղղումը նորոգեց ու ծածկեց, անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց ու թագաւորին պարտէզին մօտ եղող Սիլովային աւազանին պարիսպը մինչեւ Դաւիթին քաղաքէն իջնող աստիճանները շինեց։
16 Անկէ ետքը Բեթսուրին կէս մասին իշխանը, Ազբուքին որդին Նէեմիան նորոգեց մինչեւ Դաւիթին գերեզմաններուն դէմը ու մինչեւ արուեստական աւազանը ու մինչեւ Բեթագաբարին։
17 Անկէ ետքը Ղեւտացիները նորոգեցին։ Բանիին որդին Հռէումը, անոր քով Կէիլային կէս մասին իշխանը Ասաբիան իր տեղերը նորոգեց։
18 Անկէ ետքը անոնց եղբայրները, Կէիլային կէս մասին իշխանը, Ենադադին որդին Բաւային նորոգեց։
19 Անոր քով Մասփայի իշխանը, Յեսուին որդին Եզերը, միւս բաժինը նորոգեց, այսինքն պարսպին դարձուածքը, որ զինարանը ելլելու ճամբուն դէմ է։
20 Անկէ ետքը միւս բաժինը, պարսպին դարձուածքէն մինչեւ մեծ քահանային Եղիասիբին տանը դուռը, Զաբբային որդին Բարուքը փութով նորոգեց։
21 Անկէ ետքը միւս բաժինը՝ Եղիասիբին տանը դռնէն մինչեւ Եղիասիբին տանը ծայրը՝ Ակկուսի որդիին Ուրիայի որդին Մերամօթը նորոգեց։
22 Անկէ ետքը քահանաները, դաշտաբնակները նորոգեցին։
23 Անկէ ետքը Բենիամին ու Ասուբ իրենց տուներուն առջեւը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Անանիային որդիին Մաասիային որդին Ազարիան իր տանը դէմը նորոգեց։
24 Անկէ ետքը միւս բաժինը, Ազարիային տունէն մինչեւ պարսպին դարձուածքը, մինչեւ անկիւնը, Ենադադին որդին Բանուին նորոգեց։
25 Ոզային որդին Փաղադը պարսպին դարձուածքին դէմ ու բանտի գաւիթին քով եղող թագաւորին վերի պալատին դուրսի աշտարակը շինեց ու անոր ետեւէն Փարոսին որդին Փադայիան շինեց։
26 Նաթանայիմները, որոնք Ոփաղ կը բնակէին, մինչեւ արեւելեան կողմը եղող Ջուրի դրանը դէմը ու դուրսի աշտարակը նորոգեցին։
27 Անկէ ետքը միւս բաժինը, դուրսի մեծ աշտարակի առջեւէն մինչեւ Ոփաղին պարիսպը, Թեկուացիները նորոգեցին։
28 Ձիերու դռնէն վեր քահանաները նորոգեցին։ Ամէն մարդ իր տանը առջեւը շինեց։
29 Անկէ ետքը Եմմերին որդին Սադովկը իր տանը առջեւը նորոգեց ու անկէ ետքը արեւելեան դրանը պահապանը՝ Սեքենիային որդին Սեմայիան նորոգեց։
30 Անկէ ետքը միւս բաժինը Սեղեմիային որդին Անանիան ու Սեղեփին վեցերորդ որդին Անոնը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Բարաքիային որդին Մեսուղամը իր սենեակին առջեւը նորոգեց։
31 Անկէ ետքը Սարեփիին որդին Մեղքիան, մինչեւ Նաթանայիմներուն ու վաճառականներուն տունը Մափկաթին դրանը առջեւը ու մինչեւ անկիւնը ելլելու տեղը՝ ՝ նորոգեց։
32 Անկիւնը ելլելու տեղէն մինչեւ Ոչխարներու դուռը ոսկերիչներն ու վաճառականները նորոգեցին։