ՆԷԵՄԵԱՅ
Գլուխ 9
Այս ամսուան քսանըչորրորդ օրը Իսրայէլի որդիները ծոմով, քուրձերով ու վրանին հող ցանուած մէկտեղ հաւաքուեցան։
2 Իսրայէլի որդիները բոլոր օտարազգիներէն զատուեցան ու Աստուծոյ առջեւ կենալով՝ իրենց մեղքերն ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան։
3 Իրենց տեղը կենալով՝ օրուան մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն օրէնքներու գրքէն կարդացին ու մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն խոստովանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին։
4 Յեսուն, Բանին, Կադմիէլը, Սաբանիան, Բունին, Սարաբիան, Բանին ու Քենանի Ղեւտացիները բեմին վրայ ելան ու բարձր ձայնով իրենց Տէր Աստուծոյն աղաղակեցին։
5 Յեսուն, Կադմիէլը, Բանին, Ասաբանիան, Սարաբիան, Ովդիան, Սաբանիան ու Փեթայիան ու Ղեւտացիները ըսին. «Ելէ՛ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Եւ Եզրաս աղօթեց. «Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ։
6 Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագէն։
7 Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր
8 Եւ անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն ու Գերգեսացիներուն երկիրը իր սերունդին տաս ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես։
9 «Ու Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր
10 Եւ Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար թէ մեր հայրերուն հետ հպարտութեամբ վարուեցան. բայց դուն այսօրուան պէս քեզի անուն վաստակեցար
11 Եւ ծովը մեր հայրերուն առջեւ պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան բայց զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր։
12 Ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար՝ կրակի սիւնով առաջնորդեցիր անոնց։
13 «Նաեւ Սինա լերանը վրայ իջար ու անոնց հետ երկնքէն խօսեցար եւ անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ, բարի կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր։
14 Քու սուրբ շաբաթդ անոնց ճանչցուցիր ու քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով անոնց պատուիրանքներ, կանոններ ու օրէնքներ տուիր։
15 Երբ անօթեցան՝ անոնց երկնքէն հաց տուիր, երբ ծարաւցան՝ անոնց ապառաժէն ջուր հանեցիր։ Անոնց ըսիր, որ մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքդ վերցուցիր՝ ՝։
16 Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան ու իրենց պարանոցը խստացուցին եւ քու պատուիրանքներուդ չհնազանդեցան
17 Ու չուզեցին մտիկ ընել եւ իրենց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու իրենց առաջնորդ մը ընտրեցին, իրենց ծառայութեան դառնալու գլուխ կարգեցին՝ ՝, բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ Աստուած ըլլալուդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր.
18 Մանաւանդ՝ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ ըսին. «Մեզ Եգիպտոսէն հանող աստուածը, ասիկա է»։ Քեզ մեծապէս անարգեցին,
19 Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. ճամբան անոնց առաջնորդելու համար՝ ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար կրակի սիւնը անոնց վրայէն չվերցուցիր։
20 Նաեւ զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի Հոգիդ տուիր ու անոնց բերնէն քու մանանադ չպակսեցուցիր ու երբ ծարաւցան՝ անոնց ջուր տուիր։
21 Եւ զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեցիր, անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան։
22 Անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր ու անոնց սահմանները որոշեցիր։ Անոնք Սեհոնի երկիրը, այսինքն Եսեբոնի թագաւորին երկիրը ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը ժառանգեցին։
23 Անոնց որդիները երկնքի աստղերուն չափ շատցուցիր ու տարիր զանոնք այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն խոստացեր էիր՝ ‘Անոնք հոն պիտի մտնեն ու այն երկիրը ժառանգեն’։
24 Անոնց որդիները մտան ու այն երկիրը ժառանգեցին եւ այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները նուաճեցին ու զանոնք ու անոնց թագաւորները ու երկրին ժողովուրդը իրենց ձեռքը տուիր, որպէս զի իրենց ուզածին պէս վարուին անոնց հետ։
25 Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի երկիր մը առին ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր ծառեր առատօրէն ժառանգեցին, կերան, կշտացան ու գիրցան եւ քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան։
26 Սակայն քեզի դէմ անհնազանդ եղան ու ապստամբեցան եւ քու օրէնքդ մոռցան ու քու մարգարէներդ ալ մեռցուցին, որ զիրենք քեզի դարձնելու համար իրենց վկայութիւնը կու տային՝ ՝ եւ քեզ մեծապէս անարգեցին։
27 Դուն ալ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր, որոնք զիրենք նեղեցին։ Երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատարարներ տուիր, որոնք ազատեցին զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։
28 Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր։
29 Ու քու օրէնքիդ դարձնելու համար անոնց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք հպարտացան ու քու հրամաններուդ չհնազանդեցան եւ քու պատուիրանքներուդ դէմ մեղք գործեցին (զորոնք պահող մարդը անոնցմով կ’ապրի) ու իրենց ուսերը չխոնարհեցուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու չհնազանդեցան։
30 Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք օտար ժողովուրդներու ձեռքը մատնեցին։
31 Սակայն քու առատ ողորմութիւնովդ զանոնք բոլորովին չկորսնցուցիր ու մերժելով չհեռացուցիր քեզմէ, վասն զի դուն ողորմած ու գթած Աստուած ես։
32 Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն ու քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները թող քու առջեւդ քիչ չերեւնան։
33 Սակայն բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես, քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք։
34 Ու մեր թագաւորները, իշխանները, քահանաներն ու հայրերը քու օրէնքդ չպահեցին ու քու պատուիրանքներդ ու անոնց ըրած վկայութիւններուդ մտիկ չըրին։
35 Եւ անոնք իրենց թագաւորութեան ատենը ու անոնց շատ բարիքներ տուած ատենդ եւ այն ընդարձակ ու բերրի երկրին մէջ որ անոնց տուիր, քեզի ծառայութիւն չըրին ու իրենց չար գործերէն չդարձան.
36 Ահա մենք այսօր ծառայ ենք, մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ մեր հայրերուն ստուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտենք։ Ահա մենք հոս ծառայ ենք։
37 Այն երկիրը շատ պտուղ կու տայ այն թագաւորներուն, որոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր ու անոնք մեր մարմնին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ իրենց ուզածին պէս կը տիրեն ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք։
38 Այս ամենուն համար մենք հաստատ ուխտ մը կ’ընենք ու կը գրենք ու մեր իշխանները, մեր Ղեւտացիներն ու մեր քահանաները զանիկա թող կնքեն։