ԵԶՐԱՍ
Գլուխ 10
Երբ Եզրաս լալով ու Աստուծոյ տանը առջեւ գետինը ինկած այս աղօթքն ու խոստովանութիւնը կ’ընէր, Իսրայէլէն խիստ շատ բազմութիւն՝ այրեր, կիներ ու տղաքներ՝ անոր քով հաւաքուեցան եւ ժողովուրդը մեծ ձայնով լացաւ։
2 Ու Եղամի որդիներէն Յեքիէլի որդին Սեքենիան Եզրասին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Մենք մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք ու երկրին ժողովուրդներէն օտար կիներ առինք. բայց հիմա այս բանին մէջ ալ Իսրայէլին համար յոյս կայ։
3 Հիմա մեր Աստուծոյն առջեւ ուխտ ընենք, որ բոլոր կիներն ու անոնցմէ ծնածները՝ իմ տիրոջս ու մեր Աստուծոյն հրամանէն վախցողներուն խրատովը՝ արձակենք եւ այս գործը օրէնքին համեմատ թող ըլլայ։
4 Ելի՛ր, վասն զի այս գործը քեզի կ’իյնայ. մենք ալ քեզի հետ ըլլանք. զօրացի՛ր ու ըրէ՛»։
5 Եզրաս ելաւ եւ քահանաներուն, իշխաններուն, Ղեւտացիներուն ու բոլոր Իսրայէլին երդում ընել տուաւ, որ ըսուածին պէս ընեն։ Անոնք երդում ըրին։
6 Եզրաս Աստուծոյ տանը առջեւէն ելաւ ու Եղիասիբին որդիին Յօհանանին սենեակը գնաց եւ հոն մտնելով հաց չկերաւ ու ջուր չխմեց, որպէս զի գերութենէ դարձողներուն յանցանքին համար սուգ բռնէ։
7 Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ բոլոր գերութենէ դարձողները Երուսաղէմ հաւաքուին։
8 Մինչեւ երեք օր ով որ չի գայ՝ իշխաններուն ու ծերերուն հրամանին համեմատ, անոր բոլոր ստացուածքը նզովուած պիտի ըլլայ ու գերութենէ դարձողներէն պիտի զատուի։
9 Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր մարդիկը այն երեք օրուան մէջ, այսինքն իններորդ ամսուան քսաներորդ օրը, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան եւ բոլոր ժողովուրդը այս գործին համար ու սաստիկ անձրեւներուն համար, դողալով նստեցան Աստուծոյ տանը հրապարակին մէջ։
10 Եզրաս քահանան ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք մեղք գործեցիք եւ օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք։
11 Հիմա ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն առջեւ ձեր մեղքը խոստովանեցէ՛ք եւ անոր հաճոյ եղածը ըրէ՛ք ու երկրիս ժողովուրդներէն ու օտար կիներէն զատուեցէ՛ք»։
12 Այն ատեն բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու բարձր ձայնով ըսին. «Մեր պարտքն է, որ քու ըսածիդ պէս ընենք։
13 Բայց ժողովուրդը շատուոր ու ժամանակը անձրեւոտ է ու դուրսը չենք կրնար կենալ եւ ասիկա մէկ օրուան կամ երկու օրուան գործ չէ, քանզի շատերնիս այս բանին մէջ յանցաւոր ենք։
14 Հիմա մեր իշխանները բոլոր ժողովուրդին համար թող կենան ու մեր քաղաքներուն մէջ բոլոր օտար կին առնողները որոշուած ժամանակներու մէջ գան եւ ամէն մէկ քաղաքի ծերերն ու դատաւորները անոնց հետ գան, մինչեւ որ այս բանին համար մեր Աստուծոյն սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ վերցուի»։
15 Ուստի Ասայէլին որդին Յովնաթան ու Թեկուային որդին Յազիան այս գործին վրայ կեցան ու Մեսուղամն ու Ղեւտացի Սաբեթան անոնց օգնեցին։
16 Գերութենէ դարձողները այնպէս ըրին որ Եզրաս քահանան ու քանի մը տոհմապետներ իրենց տոհմերուն համեմատ (ամէնքն ալ իրենց անուններով) ընտրուեցան ու տասներորդ ամսուան առաջին օրը այս գործը քննել սկսան։
17 Բոլոր օտար կին առնող մարդոց գործը առաջին ամսուան առաջին օրը լմնցուցին։
18 Ու քահանաներուն որդիներէն օտար կին առնողներն էին՝ Յովսեդեկեան Յեսուին որդիներէն ու եղբայրներէն մաասիան, Եղիազարը, Յարիբն ու Գոդողիան,
19 Որոնք իրենց կիները արձակելու խօսք տուին ու յանցաւոր ըլլալով՝ իրենց յանցանքին համար հօտերէն մէկ մէկ խոյ տուին։
20 Եմմերին որդիներէն Անանին ու Զաբադիան
21 Ու Հարիմի որդիներէն Մաասիան, Եղիան, Սեմայիան, Յեքիէլը ու Ոզիան
22 Եւ Փասուրին որդիներէն Եղիովէնային, Մաասիան, Իսմայէլը, Նաթանայէլը, Յովզաբադն ու Եղեասան
23 Ու Ղեւտացիներէն Յովզաբադը, Սեմէին, Կովղիան, այսինքն Կովղիտան, Փեթայիան, Յուդան ու Եղիազարը
24 Ու երգողներէն Եղիասիբը ու դռնապաններէն Սեղղումը, Տէլէմը եւ Ուրին
25 Ու Իսրայէլէ, Փարոսին որդիներէն, Ռամիան, Յեզիան, Մեղքիան, Միամինը, Եղիազարը, Մեղքիան ու Բանիան
26 Ու Եղամին որդիներէն Մաթանիան, Զաքարիան, Յեքիէլը, Աբդին, Յերիմովթն ու Եղիան
27 Եւ Զաթուին որդիներէն Եղիովէնային, Եղիասիբը, Մաթանիան, Յերիմովթը, Զաբադն ու Ազիզան
28 Եւ Բեբայիի որդիներէն Յօհանանը, Անանիան, Զաբբայը ու Աթաղին
29 Եւ Բանիին որդիներէն Մեսուղամը, Մալուքը, Ադայիան, Յասուբը, Սաաղն ու Ռամովթը
30 Եւ Փաաթ-Մովաբի որդիներէն Եդնան, Քաղէլը, Բանիան, Մաասիան, Մաթանիան, Բեսելիէլը, Բանուին ու Մանասէն
31 Ու Նարիմին որդիներէն Եղիազարը, Յեսիան, Մեղքիան,
32 Սեմայիան, Շմաւոնը, Բենիամինը, Մալուքն ու Սամարիան.
33 Հասումին որդիներէն Մաթանայը, Մատաթան, Զաբադը, Եղիփաղէտը, Յերեմին, Մանասէն ու Սեմէին.
34 Բանիին որդիներէն Մաադայը, Ամրամը,
35 Ուէլը, Բանիան, Բադայիան, Քեղուհայը,
36 Ուանիան, Մերամօթը, Եղիասիբը,
37 Մաթանիան, Մաթանայը, Յաասուն,
38 Բանին, Բանուին, Սէմէին,
39 Սեղեմիան, Նաթանը, Ադայիան,
40 Մաքնադբայը, Սասայը, Սարայը,
41 Ազարիէլը, Սեղեմիան, Սամարիան,
42 Սեղղումը, Ամարիան ու Յովսէփը.
43 Նաբաւին որդիներէն Յէիէլը, Մատաթիան, Զաբադը, Զեբենիան, Յադային, Յովէլն ու Բանիան։
44 Ասոնք ամէնքը օտար կիներ առեր էին ու անոնցմէ ոմանք զաւակ ալ ունեցած էին։