ԵԶՐԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10


Գլուխ 5

Անգէ մարգարէն ու Ադդովի որդին Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունովը մարգարէութիւն ըրին Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն։
2 Այն ատեն Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն ելան ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը շինել սկսան։ Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց օգնեցին։
3 Այն ատեն Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային ու Սաթրաբուզան իրենց ընկերներովը անոնց եկան եւ այսպէս ըսին. «Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք»։
4 Ապա հարցուցին շինողներուն անունները։
5 Բայց Աստուծոյ աչքը Հրեաներուն ծերերուն վրայ ըլլալով՝ գործը չարգիլեցին մինչեւ որ Դարեհի նոր հրովարտակը բերել տան։
6 Այս է այն նամակին օրինակը, որ Թաթանային ու Սաթրաբուզան ու անոնց ընկեր Ափարսաքացիները Դարեհ թագաւորին ղրկեցին,
7 Որուն մէջ այսպէս գրուած էր.
8 «Դարեհ թագաւորին շատ բարեւ։ Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ Հրէաստանի գաւառը, մեծ Աստուծոյն տունը գացինք, որը մեծ քարերով կը շինուի, անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին, գործը փութով յառաջ կը տարուի ու պիտի լրանայ։
9 Այն ծերերուն հարցուցինք թէ՝ ‘Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք’։
10 Ու քեզի իմացնելու համար շինողներուն անունն ալ հարցուցինք, որպէս զի անոնց առաջնորդ եղող մարդոց անունները քեզի գրենք։
11 Անոնք այս պատասխանը տուին. ‘Մենք երկնքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք ու շատ տարիներէ առաջ շինուած տունը կը նորոգենք որ Իսրայէլի մէկ մեծ թագաւորը շինեց ու լմնցուց։
12 Բայց մեր հայրերը երկնքի Աստուածը բարկացուցած են, Աստուած ալ զանոնք Բաբելոնի թագաւորին, Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի, ձեռքը մատնեց։ Ան ալ այս տունը աւերեց ու ժողովուրդը Բաբելոն գերի տարաւ։
13 Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին Կիւրոս թագաւորը այս Աստուծոյ տունը շինելու հրաման տուաւ։
14 Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնի տաճարէն հանեց ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, որը նախարար ըրաւ
15 Ու անոր ըսաւ. «Այս անօթները ա՛ռ, գնա՛ զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը տար ու Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինուի»։
16 Այն ատեն Սասբասար եկաւ ու Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը հիմը ձգեց եւ այն ատենէն մինչեւ հիմա կը շինուի, բայց չէ լմնցած’։
17 Ու հիմա եթէ թագաւորը կը հաճի, հոն Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատանը մէջ թող փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՞ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը շինուի։ Թագաւորը այս բանին վրայով իր կամքը թող մեզի յայտնէ»։