ԵԶՐԱՍ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10


Գլուխ 6

Այն ատեն Դարեհ թագաւորը հրաման ըրաւ ու հոն Բաբելոնի դիւանին մէջ փնտռեցին, ուր գանձերը կը պահուէին։
2 Մարերու գաւառին մէջ եղող Եկբատանայի պալատին մէջ տոմս մը գտնուեցաւ, որուն մէջ այս կերպով գրուած յիշատակարան մը կար.
3 «Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Կիւրոս թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տանը համար հրաման տուաւ, որ այն տունը շինուի, ուր զոհ կը մատուցանեն եւ անոր հիմերը ամուր ըլլան. անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն,
4 Երեք կարգ մեծ քարերէ ու մէկ կարգ նոր փայտէ ըլլայ ու անոր ծախքը թագաւորին տունէն տրուի
5 Եւ Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ու Բաբելոն բերած՝
6 «Արդ՝ Գետին անդիի կողմի իշխան Թաթանային, Սաթրաբուզան ու Գետին անդիի կողմը եղող անոնց ընկերներ Ափարսաքացիներ, անկէ ե՛տ քաշուեցէ՛ք։
7 Աստուծոյ տանը գործը ազատ ձգեցէ՛ք. Հրեաներու նախարարն ու ծերերը այս Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինեն։
8 Ես այս հրամանը կու տամ, որպէս զի գիտնաք թէ Հրեաներու ծերերուն ի՞նչ պիտի ընէք Աստուծոյ տանը շինութեանը համար՝ այսինքն արքունի գանձէն, Գետին անդիի կողմէն հաւաքուած հարկէն, այն մարդոցը ծախքը շուտով թող տրուի, որպէս զի դժուարութիւն չունենան։
9 Անոնց ի՛նչ որ պէտք ըլլայ, թէ՛ զուարակներ, թէ՛ խոյեր եւ թէ՛ գառներ՝ երկնքի Աստուծոյն ողջակէզներու համար, նաեւ ցորեն, աղ, գինի ու իւղ ամէն օր անոնց տրուի անպակաս՝ Երուսաղէմի մէջ եղող քահանաներուն պահանջով,
10 Որպէս զի երկնքի Աստուծոյն անուշահոտ զոհեր մատուցանեն եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն կեանքին համար աղօթք ընեն։
11 Ես կը հրամայեմ՝ ով որ այս խօսքին դէմ կենայ՝ անոր տունէն փայտ մը քակելով տնկեն ու այդ մարդը անոր վրայ գամեն ու այս բանին համար անոր տունը աղբանոց ըլլայ։
12 Այն Աստուածը, որ իր անունը հոն դրեր է, թող կործանէ ամէն թագաւոր ու ժողովուրդ, որ ձեռք կ’երկնցնէ այս հրամանին դէմ կենալու ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը աւերելու։ Ես Դարեհս այս հրամանը ըրի. թող շուտով գործադրուի»։
13 Այն ատեն Գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային, Սաթրաբուզան ու անոնց ընկերները Դարեհ թագաւորին ղրկած հրամանը շուտով կատարեցին։
14 Եւ Հրեաներուն ծերերը կը շինէին ու կը յաջողէին՝ Անգէ մարգարէին ու Ադդովի որդիին Զաքարիայի մարգարէութիւնովը ու անոնք Իսրայէլի Աստուծոյն հրամանովը եւ Պարսիկներու Կիւրոս ու Դարեհ եւ Արտաշէս թագաւորներուն հրամանովը շինեցին լմնցուցին։
15 Եւ այս տունը Ադար ամսուան երկրորդ օրը, Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան վեցերորդ տարին լմնցաւ։
16 Իսրայէլի որդիները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու միւս գերութենէ վերադարձողները, ուրախութեամբ Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։
17 Աստուծոյ տանը նաւակատիքին համար՝ հարիւր զուարակ, երկու հարիւր խոյ, չորս հարիւր գառ ու բոլոր Իսրայէլի մեղքի պատարագ ըլլալու համար՝ Իսրայէլացի ցեղերուն թիւովը այծերէն տասներկու նոխազ մատուցանեցին։
18 Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ սպասաւորութեանը վրայ՝ քահանաները իրենց կարգերուն մէջ ու Ղեւտացիները իրենց դասերուն մէջ կայնեցուցին, ինչպէս Մովսէսին գրքին մէջ գրուած է։
19 Գերութենէ վերադարձողները առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը ըրին.
20 Ուստի քահանաներն ու Ղեւտացիները մէկտեղ սրբուեցան ու ամէնքն ալ մաքրուեցան ու բոլոր գերութենէ վերադարձողներուն համար եւ քահանաներուն համար ու իրենց համար զատիկը մորթեցին
21 Ու գերութենէ դարձող Իսրայէլի որդիները ու Իսրայէլի Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնց եկողները, որոնք այն երկրին ազգերուն պղծութենէն զատուեր էին՝ ամէնքն ալ կերան։
22 Եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. վասն զի Տէրը զանոնք ուրախացուց ու Ասորեստանի թագաւորին սիրտը անոնց դարձուց, որպէս զի Աստուծոյ՝ Իսրայէլի Աստուծոյ՝ տանը գործին մէջ անոնց ձեռքը զօրացնէ։