ԵԶՐԱՍ
Գլուխ 3
Երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ էին։ Ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան։
2 Եւ Յովսեդեկեան Յեսուն ու անոր քահանայ եղբայրները եւ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու անոր եղբայրները ելան ու Իսրայէլի Աստուծոյն սեղանը շինեցին, որպէս զի անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանեն, ինչպէս Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին գրքին մէջ գրուած է։
3 Ու սեղանը իր տեղը շինեցին. վասն զի այն երկիրներուն ժողովուրդներէն կը վախնային եւ անոր վրայ Տէրոջը առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզները մատուցանեցին։
4 Եւ տաղաւարահարաց տօնը գրուածին պէս կատարեցին ու ամէն օրուան ողջակէզները իրենց թիւովը օրէ օր հրամայուածին պէս մատուցանեցին։
5 Անկէ ետքը մշտնջենական ողջակէզը ու ամսագլուխներու եւ Տէրոջը ամէն սուրբ տօներուն ողջակէզները մատուցանեցին. նաեւ այն կամաւոր ընծաները՝ որոնք ամէն մարդ յօժար սրտով Տէրոջը կը մատուցանէր։
6 Եօթներորդ ամսուն առաջին օրէն Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանելու սկսան. բայց Տէրոջը տաճարին հիմը տակաւին դրուած չէր։
7 Քարահատներուն ու հիւսներուն ստակ ու Սիդոնացիներուն եւ Տիւրացիներուն ուտելիք ու խմելիք ու իւղ տուին, որպէս զի Լիբանանէն ծովով եղեւնափայտեր Յոպպէ բերեն, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը անոնց արտօնութիւն տուեր էր։
8 Անոնց Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ տունը գալուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան մէջ, Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն եւ անոնց միւս եղբայրները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու Երուսաղէմ դարձող բոլոր գերիները տաճարը շինելու սկսան եւ քսան տարեկանէ վեր եղող Ղեւտացիները Տէրոջը տանը գործին վրայ վերակացու կարգուեցան։
9 Յեսուն եւ անոր որդիները ու եղբայրները եւ Կադմիէլն ու անոր որդիները, Յուդայի որդիները ու Ենադադի որդիները ու անոնց որդիներն ու եղբայրները, Ղեւտացիներուն, գործաւորներուն վրայ վերակացութիւն ընելու ելան մէկ մարդու պէս։
10 Երբ ճարտարապետները Տէրոջը տաճարին հիմը դրին, քահանաները իրենց զգեստները հագած՝ փողերով ու Ղեւտացիները եւ Ասափի որդիները՝ ծնծղաներով, Տէրը օրհնելու համար կեցուցին՝ Դաւիթ թագաւորին կարգադրութեանը համեմատ։
11 Անոնք փոփոխակի կ’երգէին՝ Տէրոջմէ գոհանալով ու անոր շնորհակալութիւն մատուցանելով, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան է։ Բոլոր ժողովուրդը մեծաձայն աղաղակելով Տէրը օրհնեցին Տէրոջը տանը հիմնադրութեան համար։
12 Քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու տոհմերու իշխաններէն շատեր, որոնք ծեր ըլլալով Տէրոջը նախկին տունը տեսած էին, երբ իրենց աչքին առջեւ այս տանը հիմը դրուեցաւ, մեծ ձայնով լացին ու շատերը իրենց ուրախութենէն ձայներնին վերցնելով աղաղակեցին։
13 Ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակին ձայնն ու բազմութեան լալու ձայնը իրարմէ չէր կրնար զատել. վասն զի բազմութիւնը մեծ ցնծութեան ձայնով կ’աղաղակէր ու ձայներնին մինչեւ հեռու տեղեր կը լսուէր։