ԵԶՐԱՍ
Գլուխ 1
Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին՝ որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի՝ ՝, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.
2 «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց, որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։
3 Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ։
4 Անոր քաղաքացիները, այսինքն բոլոր մնացողները, իրենց պանդխտութեանը տեղէն արծաթով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով անոր օգնեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տանը համար տրուած կամաւոր ընծաներէն զատ’»։
5 Այն ատեն Յուդայի ու Բենիամինի տոհմերուն իշխանները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ոտքի ելան այն բոլոր մարդոց հետ, որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, որպէս զի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեն։
6 Անոնց շուրջը եղողները ամէնքը կամաւոր ընծաներէն զատ արծաթէ ամաններով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով եւ պատուական պարգեւներով անոնց օգնեցին։
7 Կիւրոս թագաւորը Տէրոջը տանը անօթները հանեց, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն հաւաքելով՝ իր աստուծոյն տունը դրեր էր.
8 Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը զանոնք Միթրիդատ գանձապետին ձեռքով հանել տուաւ ու համրանքով Յուդայի Սասբասար նախարարին յանձնեց։
9 Այս էր անոնց թիւը՝ երեսուն ոսկեղէն կոնք, հազար արծաթեղէն կոնք, քսանըինը դանակ,
10 Երեսուն ոսկեղէն տաշտ՝ չորս հարիւր տասը արծաթէ տաշտ՝ երկրորդ կարգէն եւ հազարաւոր ուրիշ անօթներ։
11 Բոլոր ոսկիէ ու արծաթէ ամանները հինգ հազար չորս հարիւր հատ էին։ Անոնց ամէնքը Սասբասար Բաբելոնի գերութենէն գացողներուն հետ ղրկեց։