ԵԶՐԱՍ
Գլուխ 7
Այս բաներէն ետքը, Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը, Եզրաս Սարայիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին,
2 Որ Սեղղումի որդին, որ Սադովկի որդին, որ Աքիտովբի որդին,
3 Որ Ամարիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Մարիօթի որդին,
4 Որ Զարիայի որդին, որ Ոզէի որդին, որ Բոկկիի որդին,
5 Որ Ափիսուայի որդին, որ Փենէհէսի որդին, որ Եղիազարի որդին, որ մեծ քահանային Ահարոնին որդին էր,
6 Այս Եզրասը Բաբելոնէն ելաւ։ Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տուած Մովսէսին օրէնքին արագագիր դպիրն էր ու իր Տէր Աստուծոյն ձեռքը իր վրայ ըլլալուն համար՝ ամէն խնդրածը թագաւորը անոր կու տար։
7 Արտաշէս թագաւորին եօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի որդիներէն, քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու երգողներէն եւ դռնապաններէն ու Նաթանայիմներէն ոմանք Երուսաղէմ եկան։
8 Անիկա հինգերորդ ամսուան մէջ՝ թագաւորին եօթներորդ տարին Երուսաղէմ եկաւ.
9 Քանզի առաջին ամսուան առաջին օրը Բաբելոնէն ելաւ ու Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ ըլլալով՝ հինգերորդ ամսուան առաջին օրը Երուսաղէմ հասաւ,
10 Ուստի Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին։
11 Ասիկա է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորը տուաւ Եզրաս քահանային ու դպիրին, որ Տէրոջը Իսրայէլին տուած պատուիրանքներուն եւ օրէնքներուն հմուտ էր։
12 «Թագաւորներու թագաւորը Արտաշէս, Եզրաս քահանային, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին կատարեալ գրչին.
13 Արդ՝ հրաման կու տամ, որ իմ թագաւորութեանս մէջ եղող Իսրայէլի ժողովուրդէն ու անոր քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն իրենց կամքովը Երուսաղէմ դառնալ ուզողները քեզի հետ դառնան.
14 Վասն զի դուն թագաւորին ու անոր եօթը խորհրդականներուն կողմէ կը ղրկուիս՝ որպէս զի քու ձեռքդ եղած Աստուծոյ օրէնքովը՝ Յուդան ու Երուսաղէմը քննես
15 Եւ տանիս այն արծաթն ու ոսկին, որ թագաւորն ու անոր խորհրդականները իրենց կամքովը ընծայ տուին Իսրայէլի Աստուծոյն, որ կը բնակի Երուսաղէմի մէջ.
16 Նաեւ բոլոր արծաթն ու ոսկին, որ Բաբելոնի բոլոր գաւառին մէջ պիտի գտնես, որ ժողովուրդն ու քահանաները Երուսաղէմի մէջ եղող իրենց Աստուծոյն տանը համար որպէս կամաւոր ընծայ պիտի մատուցանեն,
17 Որպէս զի այն ստակով անյապաղ զուարակներ, խոյեր, գառներ ու անոնց հացի ընծաներն ու ըմպելի նուէրները ծախու առնես ու զանոնք Երուսաղէմ եղող ձեր Աստուծոյն տանը սեղանին վրայ մատուցանես
18 Եւ մնացած արծաթն ու ոսկին ալ՝ քեզի ու քու եղբայրներուդ ինչպէս որ պատշաճ կ’երեւնայ եւ ձեր Աստուծոյն կամքին համեմատ գործածէք։
19 Այն անօթները, որոնք քու Աստուծոյդ տանը պաշտամունքին համար քեզի տրուեցան, զանոնք տար Երուսաղէմի Աստուծոյ յանձնէ։
20 Ուրիշ ինչ որ քու Աստուծոյդ տանը համար պէտք ըլլայ, որ քեզի կը վայլէ տալ, զանիկա թագաւորին գանձատունէն տուր։
21 Ու ես Արտաշէս թագաւորս ձեզի, Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր գանձապետներուդ, կը հրամայեմ, որ Եզրաս քահանան, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին դպիրը, ինչ որ ձեզմէ ուզէ, անմիջապէս տաք.
22 Մինչեւ հարիւր տաղանդ արծաթ, մինչեւ հարիւր քոռ ցորեն ու հարիւր մար գինի ու հարիւր մար իւղ ու աղ առանց չափը որոշելու՝ ՝։
23 Որպէս զի երկնքի Աստուածը ինչ որ կը հրամայէ, շուտով գործադրուի երկնքի Աստուծոյն տանը համար, որպէս զի չըլլայ թէ թագաւորին ու անոր որդիներուն թագաւորութեանը վրայ բարկութիւն գայ։
24 Ձեզի յայտնի ըլլայ, որ բոլոր քահանաներէն, Ղեւտացիներէն, երգողներէն, դռնապաններէն, Նաթանայիմներէն եւ այս Աստուծոյ տանը սպասաւորներէն հարկ, տուրք ու մաքս առնելու հրաման չկայ։
25 Եւ դո՛ւն, ո՛վ Եզրաս, քու Աստուծոյդ իմաստութիւնովը որ դուն ունիս, դատաւորներ ու իշխաններ դիր, որոնք Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր ժողովուրդը, այսինքն բոլոր անոնք որ քու Աստուծոյդ օրէնքը գիտեն, դատեն ու չգիտցողներուն սորվեցնեն։
26 Ով որ քու Աստուծոյդ օրէնքին համեմատ ու թագաւորին օրէնքին համեմատ չընէ, անյապաղ անոր պատիժը գործադրուի՝ կա՛մ մահուամբ, կա՛մ աքսորով, կա՛մ տուգանքով եւ կա՛մ բանտարկութեամբ»։
27 «Մեր հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Երուսաղէմի մէջ եղող Տէրոջը տունը փառաւորելու համար՝ այս բանը թագաւորին սրտին մէջ դրաւ
28 Եւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու թագաւորին բոլոր զօրաւոր իշխաններուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուաւ ու իմ Տէր Աստուծոյս ձեռքը իմ վրաս ըլլալուն համար զօրացայ ու Իսրայէլէն իշխաններ հաւաքեցի, որպէս զի ինծի հետ դառնան»։