ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Գլուխ 9
Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ։
2 Ան ալ անդունդին գուբը բացաւ ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս ու խաւարեցան արեւն ու օդը՝ գուբին ծուխէն։
3 Ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ։ Անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս։
4 Անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ո՛չ ալ կանանչեղէնի մը եւ ո՛չ ծառի մը, հապա միայն ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։
5 Անոնց հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր՝ երբ մարդը կը խայթէ։
6 Այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն։ Պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը անոնցմէ պիտի փախչի։
7 Մարախներուն նմանութիւնը՝ պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս ու անոնց գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին
8 Ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին։
9 Զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս։ Անոնց թեւերուն ձայնը պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր։
10 Կարիճներու նման պոչեր ունէին ու պոչերուն վրայ խայթոց։ Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու։
11 Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն։
12 Մէկ վայը անցաւ. ասկէ յետոյ ահա երկու վայեր ալ պիտի գան։
13 Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն,
14 Որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին, որ փողը ունէր. «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ»։
15 Այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն։
16 Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւր բիւրաւոր էր։ Ես իմացայ անոնց համրանքը։
17 Տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը ու անոնց վրայ հեծնողները՝ որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ։ Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէր։
18 Այս երեք [հարուած]ներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին։
19 Վասն զի անոնց զօրութիւնը իրենց բերաններուն ու պոչերուն մէջ էր, քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին ու գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին։
20 Մնացեալ մարդիկը, որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, չապաշխարեցին ու իրենց ձեռքերուն գործերէն ետ չմնացին, որ երկրպագութիւն չընեն դեւերուն ու ոսկիէ եւ արծաթէ ու պղինձէ եւ քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել ու ո՛չ քալել.
21 Նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն։