ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 17

Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի.
2 Որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան»։
3 Եւ զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր։
4 Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։
5 Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. «Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։
6 Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր։ Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ։
7 Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզ ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի։
8 Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է ու երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ՝ ՝։
9 Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։
10 Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ։
11 Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ։
12 Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։
13 Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։
14 Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։
15 Ու ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։
16 Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։
17 Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։
18 Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։