ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 3

Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա որ ունի Աստուծոյ եօթը Հոգիները ու եօթը աստղերը. ‘Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես։
2 Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։
3 Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ։
4 Սակայն քանի մը անձեր ունիս Սարդիկէի մէջ, որոնք իրենց հանդերձները չաղտոտեցին եւ ճերմակներով պիտի պտըտին ինծի հետ, քանզի արժանի են։
5 Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ եւ անոր անունը պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ ու անոր հրեշտակներուն առջեւ։
6 ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։
7 Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ.
8 Գիտեմ քու գործերդ։ Ահա քու առջեւդ բացուած դուռ մը դրի, որ մէ՛կը չի կրնար գոցել. վասն զի դուն քիչ մը կարողութիւն ունիս եւ իմ խօսքս պահեցիր ու իմ անունս չուրացար։
9 Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի։
10 Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։
11 Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ։
12 Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու ալ դուրս պիտի չելլէ։ Անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս.
13 ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։
14 Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը.
15 Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։
16 Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։
17 Քանզի կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ։
18 Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. Ինծմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս ու ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես։
19 Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛։
20 Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։
21 Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ։
22 Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։