ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Գլուխ 7
Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ։
2 Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ արեւելքէն եկաւ ու Կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր եւ մեծ ձայնով աղաղակեց այն չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու
3 Ու ըսաւ. «Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք»։
4 Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։
5 Յուդային ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Գադին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած,
6 Ասերին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Մանասէին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած,
7 Շմաւոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած,
8 Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած։
9 Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձները հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած
10 Եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։
11 Եւ բոլոր հրեշտակները, որ աթոռին ու երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն բոլորտիքը կեցեր էին, իրենց երեսներուն վրայ աթոռին առջեւ ինկան ու Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին,
12 Ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։
13 Ու երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. «Ասոնք որ ճերմակ հանդերձներ հագած են՝ ո՞վ են եւ ո՞ւրկէ եկան»։
14 Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր իմ, դուն գիտես»։ Ըսաւ ինծի. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին.
15 Անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։
16 Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ.
17 Վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։