ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 4

Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար։ Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։
2 Եւ շուտ մը Հոգին իմ վրաս եկաւ։ Տեսայ թէ աթոռ մը դրուած էր երկնքի մէջ։
3 Աթոռին վրայ մէկը նստեր էր։ Նստողը յասպիս ու սարդիոն քարերու երեւոյթին նման էր։
4 Աթոռին շուրջը քահանաներ՝ զմրուխտի երեւոյթով եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ նստեր էին՝ ՝ ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին։
5 Աթոռէն փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ կ’ելլէին։ Աթոռին առջեւ եօթը հատ բորբոքած կրակի լամբարներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն էին։
6 Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն։
7 Առաջին կենդանին առիւծի նման էր ու երկրորդ կենդանին՝ զուարակի նման եւ երրորդ կենդանին՝ մարդու երես ունէր ու չորրորդ կենդանին՝ թռչող արծիւի նման։
8 Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։
9 Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից,
10 Քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։