ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 15

Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։
2 Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին
3 Եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու.
4 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։
5 Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր
6 Ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։
7 Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։
8 Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։