ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22


Գլուխ 6

Ապա տեսայ, երբ Գառնուկը կնիքներէն մէկը՝ ՝ քակեց, չորս կենդանիներէն մէկէն որտումի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։
2 Ու տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց։
3 Ու երբ երկրորդ կնիքը քակեց, երկրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր»։
4 Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։
5 Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։
6 Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր»։
7 Երբ չորրորդ կնիքը քակեց, չորրորդ կենդանիէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։
8 Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով ու երկրի գազաններով սատկեցնեն։
9 Երբ հինգերորդ կնիքը քակեց, սեղանին տակ տեսայ այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին։
10 Եւ մեծ ձայնով աղաղակեցին. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն։
11 Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց ու ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին։
12 Տեսայ, երբ վեցերորդ կնիքը քակեց, մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը [բոլորովին] արիւնի պէս եղաւ
13 Ու երկնքի աստղերը գետինը թափթփեցան, ինչպէս սաստիկ հովէն շարժուած թզենին իր տհաս պտուղները կը թափէ
14 Եւ երկինք գալարուող տոմսի մը պէս կը քաշուէր ու բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան։
15 Երկրին թագաւորները եւ մեծամեծներն ու հարուստները, հազարապետները եւ զօրաւորներն ու բոլոր ծառաներն ու բոլոր ազատները քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներուն մէջ պահուըտեցան
16 Եւ լեռներուն ու ապառաժներուն կ’ըսէին. «Մեր վրա՛յ ինկէք ու մեզ ծածկեցէ՛ք անոր երեսէն՝ որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին բարկութենէն։
17 Վասն զի անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ»։