ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Գլուխ 12
Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։
2 Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար։
3 Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։
4 Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնանի, անոր զաւակը կլլէ։
5 Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։
6 Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։
7 Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ,
8 Բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։
9 Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։
10 Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։
11 Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։
12 Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։
13 Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։
14 Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ։
15 Եւ օձը իր բերնէն գետի պէս ջուր վազցուց կնոջ ետեւէն, որպէս զի զանիկա հեղեղով ընկղմէ։
16 Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։
17 Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին։
18 Եւ կայնեցայ ծովուն աւազին վրայ։